Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթի. «Թուրքիա Եւ Բանակի Սպասարկութիւնները Զօրակցեցան Ռիֆիի` Թրիփոլիի Քաղաքապետական Ընտրութեանց Անոր Յաղթանակին Համար»

June 9, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

3751631_1456492398

Ըստ «Ախպար» օրաթերթին, նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ իր այցելուներուն առջեւ կատարած իր յայտարարութեամբ բացատրեց Թրիփոլիի մէջ արդարութեան հրաժարեալ նախարար Աշրաֆ Ռիֆիի արձանագրած քաղաքապետական ընտրութեանց յաղթանակին պատճառները` զանոնք վերագրելով (լիբանանեան) բանակի գաղտնի սպասարկութեանց եւ Թուրքիոյ զօրակցութիւնը վայելող իսլամական խմբաւորումի օժանդակութեան:

Ան նշեց, որ առաւելաբար նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի դէմ կատարուած այս զօրակցութիւնը կը միտէր Թրիփոլիի մէջ տկարացնել եւ նսեմացնել Հարիրիի վարկն ու այդ ճամբով` Սլէյման Ֆրենժիէի նախագահական թեկնածութեան տկարացումը: «Զօրավար Քահուաժի ինքզինք համախոհութեան թեկնածու կը նկատէ», ընդգծեց Միքաթի` նշելով, որ «ընտրական դրամի կողքին, Թուրքիոյ զօրակցութիւնը վայելող Ժամաա Իսլամիէն եւս զօրակցեցաւ Ռիֆիի, որուն ցանկին ընդմէջէն նշեալ խմբաւորումէն երկու թեկնածուներ յաջողեցան»:

Միքաթի խոստովանեցաւ, որ նախընտրական շրջանին գոհունակութեամբ վարուած են թեկնածուները` կարիքը չզգալով արտակարգ միջոցառումներու: Միքաթի նոյնիսկ թելադրած է իր աղջկան ընտրութեան համար Թրիփոլի չներկայանալ, «որովհետեւ վստահ էինք, որ յաղթանակը մերն է»:

Աւելի ուշ, Միքաթի հերքեց «Ախպար» թերթին մէջ իրեն վերագրուած նշեալ խօսքերը:

Տար Ֆաթուայի մէջ հանրապետութեան միւֆթիին տուած իր այցելութեան առիթով, «Լիբանան պէտք ունի չափաւոր եւ ոչ խնդրայարոյց խօսքերու», ըսաւ Միքաթի` մերժելով այս գծով բանավէճի մէջ մտնել:

Նշենք, որ Միքաթիի գրասենեակը եւս պաշտօնապէս հերքեց «Ախպար»-ի լուրերը:

Նախորդը

Բանակի Հրամանատարը Ընդունեց Ամերիկեան Զինուորական Պատուիրակութիւն Մը

Յաջորդը

Թուրքիա Կողմ Չէ Լիբանանի Մէջ Եւ Կը Քաջալերէ Միջլիբանանեան Երկխօսութիւնը

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.