Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ժաննէի Ջրամբարին Աշխատանքները Պիտի Շարունակուին, Եւ Կոչ Կ՛ուղղենք Կենսոլորտի Նախարարին Հետեւելու Անոնց Գործադրութեան» Շեշտեց Սելիմ Ժրայսաթի

June 8, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

jraysati_60716

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումի ընթացիկ նիստին, որմէ ետք նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթի շեշտեց, որ Ժաննէի ջրամբարին աշխատանքները պիտի շարունակուին` կոչ ուղղելով կենսոլորտի նախարարին հետեւելու այդ աշխատանքներուն գործադրութեան:

Ժրայսաթի շեշտեց, որ զօր. Աուն տակաւին կը շարունակէ բաց եւ ուրիշը հասկնալու քաղաքականութիւն վարել` աւելցնելով, որ այդ ոճը արդիւնք է ազգային սկզբունքները պահպանելու եւ երկիրը իր էական վտանգաւոր տագնապէն դուրս բերելու գործելակերպին:

Ժրայսաթի յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի պատրաստած տեղեկագիրը` գաղթականներու թղթածրարին առնչութեամբ, անակնկալ հարուած մըն էր, որ կարելի եղաւ ընկալել: Ան աւելցուց, որ գաղթականներուն առումով որդեգրուած են շարք մը առաջարկներ, որոնք յառաջիկայ օրերուն աւելի յստակ պիտի դառնան:

Համախմբումը դրուատեց Եւրոպական Միութեան կողմէ որդեգրուած այն բանաձեւը, որուն համաձայն, սուրիացի գաղթականներուն համար պէտք է ապահով տունդարձ երաշխաւորուի: Այս շրջագիծին մէջ Ժրայսաթի բարձր գնահատեց արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի ի գործ դրած ջանքերը:

Անդրադառնալով ընտրական օրէնքին` Ժրայսաթի յայտնեց, որ վերջնական եւ վճռական որոշումներ չկան այս իմաստով` աւելցնելով, որ իրենք կը յուսան, որ Մուսթաքպալ հոսանքը իր կեցուածքը փոխէ, որպէսզի կարելի ըլլայ յանգիլ արդար ներկայացուցչութիւն ապահովող ընտրական օրէնքի մը:

Նախորդը

Հոլլանտ Հարիրիին Հաստատած Է, Որ Նախագահական Ընտրութեան Հարցին Լուծման Բանալին Զօր. Աունն Է

Յաջորդը

Խորհրդարանի Միացեալ Յանձնախումբերը Իրենց Յաջորդ Նիստը Պիտի Գումարեն Ազգային Երկխօսութեան Նիստէն Օր Մը Ետք

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.