Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Եւ Արցախի Հանրապետութեանց 25-Ամեակին Առիթով. «Արցախի Հայութիւնը Գոյութեան Պայքար Կը Մղէ Եւ Ոչ Մէկ Պարագայի Տրամադիր Է Լքելու Իր Պապենական Հողը» Ընդգծեց Զօր. Նազարէթ Գաբրիէլեան

June 8, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

cath_60716

Իր ամսական հանդիպումներու ծիրին մէջ, Հայ համալսարանաւարտներու համախմբումի (ՀՀՀ) վարչութիւնը, Հայաստանի եւ Արցախի զոյգ հանրապետութեանց 25-ամեակին առիթով, ուրբաթ, 3 յունիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, կազմակերպեց հանդիպում-զրոյց մը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ, ներկայութեամբ` ՀՀՀ-ի անդամներուն եւ հրաւիրեալներուն:

Բացման խօսքով համախմբումի ատենապետ Յակոբ Հանտեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկայացուց օրուան յայտագիրի գլխաւոր կէտերը: «Ինչպէս միշտ, այսօր եւս մեր ամսական հանդիպումներուն ծիրին մէջ, հաւաքուած ենք արծարծելու հայութիւնը յուզող հարցեր, ուր առաջնակարգ նիւթ է Արցախի հարցը, յատկապէս այսօր, երբ Գերմանիա պաշտօնապէս ճանչցաւ եւ ընդունեց Հայոց ցեղասպանութիւնը»: Ապա ան խօսքը փոխանցեց Սիլվա Գարավարդանեանին, որ ներկայացուց օրուան բանախօս զօր. Նազարէթ Գաբրիէլեանը եւ հրաւիրեց զայն, որ իր նիւթը ներկայացնէ:

Աւելի քան մէկ ժամ տեւողութեամբ զօր. Գաբրիէլեան անդրադարձաւ Արցախի հարցի այժմու իրավիճակին` հանգամանօրէն թուելով ապրիլեան քառօրեայ  դէպքերու բռնկումը, շարժառիթը, ազդեցութիւնն ու հետեւանքները Արցախի եւ աշխարհասփիւռ հայութեան վրայ: Զօր. Գաբրիէլեան խօսեցաւ Արցախի բանակի կազմակերպչական կառոյցին, ներքին իրավիճակին եւ թշնամիին յաղթելու ատակութեան, պատրաստակամութեան եւ տուեալներուն` զինուորական թէ բարոյական դիտանկիւնէն: Ան արտայայտուեցաւ Արցախի բանակին եւ անոր զինակից սփիւռքահայ, յատկապէս Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան  կամաւորներու  պատրաստակամութեան` ընդգծելով, որ անոնք խիստ կարեւոր դիրքեր կը պահեն  իրենց հակակշիռին տակ: «Արցախի հայութիւնը հոն գոյութեան պայքար կը մղէ եւ անիկա ոչ մէկ պարագայի տրամադիր է լքելու իր պապենական հողը», ընդգծեց զօր. Նազարէթ Գաբրիէլեան` յիշեցնելով, որ թէեւ թիւով քիչ ենք, բայց հայրենիքի պաշտպանութեան բարոյական ու յանձնառու մեր պատրաստակամութիւնը գերիվեր է ամէն նկատառումէ, յատկապէս անհաւասար ուժերու այս պատերազմին մէջ: Ցուցատախտակին վրայ յատուկ դիրքերու եւ քարտէսի նշումներով ան արտայայտուեցաւ մերձակայ երկիրներու կեցուածքին, անոնց ցուցաբերած դրական թէ ժխտական մօտեցումներուն, հայկական բանակին զինուորական սարքերու հզօրացման ու արդիականացման քայլերուն, անոնց օժանդակութեան եւ առնչակից ռազմավարական ծրագիրներու: Զօր. Գաբրիէլեան խիստ բարձր գնահատեց Արցախի հայկական բանակի զինուորական, պատերազմական պատրաստակամութիւնն ու ունակութիւնները` հիմնական նկատելով անոնց արդիականացման անհրաժեշտութիւնը: Ապա ան  պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

 

Նախորդը

Միջին Արեւելքի Քրիստոնեայ Համայնքներու Համախմբումի Վարչութիւնը Հանդիպում Ունեցաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հետ

Յաջորդը

Հայկազեան Համալսարան. Դոկտ. Նանոր Գարակէօզեան Հայագիտական Ուսմանց Ամպիոնի Վարիչ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.