
Հովանաւորութեամբ ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէին եւ նախաձեռնութեամբ Նաքքաշի ակումբի վարչութեան, երէկ` հինգշաբթի, 2 յունիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, բացումը կատարուեցաւ «Սարգիս Կիրակոսեան» ժողովասենեակին, Նաքքաշի ակումբին մէջ, ներկայութեամբ հանգուցեալին մտաւորական եւ բանաստեղծ Սարգիս Կիրակոսեանի ընկերներուն եւ մեծ թիւով բարեկամներու:

Նաքքաշի ակումբի վարչութեան անունով Իշխան Մանիսաճեան բացուած յայտարարեց ձեռնարկը նշելով յայտագիրի գլխաւոր կէտերը: Մանիսաճեան ըսաւ. «Հաւաքուած ենք հոս ոգեկոչելու ընկեր Սարգիս Կիրակոսեանի յիշատակը եւ իր անունով կոչելու այս ժողովասենեակը»:
Կիրակոսեան ընտանիքին անունով խօսք առաւ հանգուցեալ մտաւորականին դուստրը` Մեղրի Կիրակոսեան-Սարգիսեան, որ ըսաւ. «Այսօր հաւաքուած ենք պատուելու Սարգիս Կիրակոսեանի յիշատակը, իր սիրած եւ ամէն օր յաճախած այս ակումբը, իր երկրորդ տունը այսօր վառ կը պահէ իր յիշատակը, գիրի եւ գրականութեան հաւատացող Սարգիս Կիրակոսեանը անգամ մը եւս պիտի ուրախանայ, երբ իր գաղափարի ընկերները իր յիշատակը կը յարգեն իրեն վայել ձեւով: Նիւթապաշտ եւ մակերեսային մեր աշխարհին մէջ, Սարգիս Կիրակոսեանի նման գրող եւ մտաւորական անձերն են, որոնք միշտ ազնուացուցած են հոգիները: Վստա՛հ եղէք, որ Սարգիս Կիրակոսեանի նման տիպարներով է, որ մենք գաղափարապէս աւելի կը զօրանանք: Վարձքը կատա՛ր բոլորին, վարձքը կատա՛ր «Մարուխեան» կոմիտէութեան, Նաքքաշի ակումբի վարչութեան եւ իր յիշատակը յարգող բոլոր ներկաներուն»:

Ապա ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէին անունով Միսաք Գաւլաքեան դրուատեց հանգուցեալ մտաւորականին արժանիքները` բարձր գնահատելով անոր կուսակցական, գրական եւ ազգային յատկանիշները: «Տարիէ մը ի վեր Նաքքաշի ակումբը զրկուած է իր ընկերոջմէն, տարիէ մը ի վեր ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէութիւնը կորսնցուցած է իր լաւագոյն ընկերներէն մէկը, լիբանանահայութիւնը տարիներ շարունակ պիտի սգայ անոր բացակայութիւնը: Ընկեր Սարգիս Կիրակոսեան այն դաշնակցականներէն էր, որ Դաշնակցութիւնը իր մէջ ապրեցուց իբրեւ կենսատու փարոս: Շատեր կու գան եւ կ՛երթան` իրենց ետին հետք չձգելով: Այս սենեակը ընկեր Սարգիս Կիրակոսեանին համար տաքուկ ու սիրելի անկիւն մը եղաւ, ուր ան իր կեանքին մինչեւ վերջին վայրկեանները մնաց այս անկիւնը` ստեղծագործելով իր լաւագոյն գործերը», ընդգծեց Գաւլաքեան յայտարարելով, որ այս սենեակը պիտի կոչուի «Սարգիս Կիրակոսեան» ժողովասենեակ անունով:
Ապա ներկաները ունկնդրեցին հատուած մը ակումբին մէջ հանգուցեալ Սարգիս Կիրակոսեան վերջին բանախօսութենէն արտասանուած` նախորդ տարուան մայիս 28-ին առիթով:
Այս առիթով ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, ուր Խաչիկ Խաչատուրեան ջութակի վրայ նուագեց «Թռչէի մտքով տուն», «Զարթիր որդեակ» եւ այլ ազգային երգերու նուագները: Նմանապէս` Սարգիս Հարմանտայեան մեներգեց «Երբ ալեկոծ ծովուն վրայ» երգը:


