Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Մէջ «Ո՞վ Սպաննեց Հայերը» Ժապաւէնի Ցուցադրութեան Առիթով Զայն Պատրաստողը Հաստատեց Հայութեան Վերապրումն Ու Զայն Սպաննելու Ծրագիրի Ձախողութիւնը

June 2, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Movie3_60116

Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակին եւ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ, երէկ` չորեքշաբթի, 1 յունիսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Սիթի Մոլի»-ի շարժապատկերի սրահներէն մէկուն մէջ ցուցադրուեցաւ «Ո՞վ սպաննեց հայերը» վաւերագրական ժապաւէնը` հեղինակութեամբ եւ բեմադրութեամբ Մարիամ Զաքիի եւ Մոհամետ Հանաֆիի:

Լիբանանի խորհրդարանի անդամներ, քաղաքական-ակադեմական գործիչներ, լրագրողներ, լիբանանահայ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր դիտեցին Եգիպտոսի ազգային իշխանութեան նիւթական ներդրումով, Եգիպտոսի Հայ դատի յանձնախումբին, Ցեղասպանութեան 100-ամեակի յանձնախումբին եւ Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի դեսպանատան հետ գործակցութեամբ ու օժանդակութեամբ իրականութիւն դարձած ժապաւէնը, որ կը յատկանշուէր Հայոց ցեղասպանութեան մասին ամբողջական տուեալներու, փաստերու եւ վկայութիւններու յագեցուածութեամբ եւ գեղարուեստական տպաւորիչ ոճով այդ բոլորը ակնդիրին ներկայացնելու հմտութեամբ:

Ցոլեր Թալաթինեան
Ցոլեր Թալաթինեան

Ժապաւէնի ցուցադրութենէն առաջ խօսք առաւ Ցոլեր Թալաթինեան, որ դիտել տուաւ, թէ արխիւային տուեալներով եւ վկայութիւններով հարուստ ժապաւէնը նկարահանուած է Լիբանանի, Հայաստանի եւ Եգիպտոսի մէջ, արժանացած է Հայաստանի նախագահի մետալին, Նիւ Եորքի մէջ մասնակցած է փառատօնի` հանդիսանալով ամերիկեան նման փառատօնի ընթացքին արաբերէնով ներկայացուած անդրանիկ ժապաւէնը եւ հոն եւս խլելով մրցանակներ:

Այս առիթով ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Մարիամ Զաքիի եւ Մոհամետ Հանաֆիի, որոնք ո՛չ միայն հայ ժողովուրդին անկեղծ բարեկամներն են, այլ նաեւ բուռն հաւատացողները Հայ դատին, որոնք, հակառակ Եգիպտոսի եւ Միջին Արեւելքի մէջ տիրող դժուար վիճակին, յանդգնեցան այս ժապաւէնով ըսելու այն իրականութիւնը, որմէ կը վախնան շատեր, անվարան մատնացոյց ըրին ոճրագործը: Ցոլեր Թալաթինեան դիտել տուաւ, որ հայերէն բացի նաեւ արաբներու սպանդին եւ սովին պատճառ դարձած թուրքերը այսօր եւս շրջանին մէջ նեցուկ կը կանգնին ահաբեկչութեան, կը փորձեն քայքայել արաբական ինքնութիւնը եւ հրահրել համայնքային խտրականութիւնն ու անհամաձայնութիւնը:

«Ո՞վ սպաննեց հայերը» ժապաւէնը կը սկսի համահեղինակներուն կողմէ հայութեան մասին վկայութեամբ, որուն մէջ շեշտը կը դրուի վերապրողներուն եւ անոնց յաջորդող սերունդներու էութեան մէջ բոյն դրած նահատակներուն կտակին, անոնց կառուցելու ու շէնցներու նկարագրային գիծին վրայ` «մէկ ձեռքով նահատակներուն աճիւնները կը փնտռեն, իսկ միւսով ծաղիկ կը ցանեն»: Տպաւորիչ նախաբանին մէջ ժապաւէնը պատրաստողները կը շեշտեն, որ մարդկային արժէքներու եւ վերապրումի նմուշներ են Ցեղասպանութիւնը ձախողութեան մատնած հայերը, որոնք տէրն են իրենց դատին, սակայն գիտեն նաեւ շարունակել այն կեանքը, զոր օսմանցիները փորձեցին ընդհատել:

Ժապաւէնին մէջ ներկայացուած են արխիւային տուեալներ, հրամանագիրներ, վկայութիւններ հայ, արաբ եւ թուրք անձնաւորութիւններու ու ակադեմականներու` Արամ Ա. եւ Գարեգին Բ. կաթողիկոսներ, Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան, Լիբանանի խորհրդարանի անդամ Ղասսան Մուխայպեր, եգիպտացի պատմաբան, դասախօս Մոհամետ Ռիֆաթ Իմամ, սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան, թուրք ակադեմական Թաներ Աքչամ, պատմաբան Աշոտ Մելքոնեան եւ ուրիշներ: Ժապաւէնը ակնդիրին կը փոխանցէ փաստացի տուեալներ, ամբողջական ու խօսուն պատկերներ, թիւեր ու ապացոյցներ, որոնք իրար կը յաջորդեն ժամանակագրական ճշգրիտ ձեւով` տպաւորելով եւ նոյն ատեն դրոշմուելով դիտողին ուղեղին, սրտին ու էութեան մէջ, զայն կը մղեն զայրանալու մարդկութեան դէմ, փնտռելու մարդկային ննջող խիղճը, արդարութիւն պահանջելու: Անդրադարձ կը կատարուի նաեւ Եգիպտոսի մէջ թուրքերուն ունեցած սեւ պատմութեան, գործած ոճիրներուն:

Ժապաւէնը կ՛աւարտի հարցումով` նոյնիսկ եթէ մարդիկ, վերապրողներ, նահատակներ ներեն Հայոց ահաւոր ցեղասպանութիւնը գործած թուրքին, արդեօք Աստուած պիտի ներէ՞….

Movie2_60116

Ժապաւէնի ցուցադրութենէն ետք Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան Մարիամ Զաքիի եւ Մոհամէտ Հանաֆիի յանձնեց երախտագիտութեան յուշանուէր մը:

Մոհամետ Հանաֆի այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ շատ մեծ պատասխանատուութիւն նկատեց այն, որ ժապաւէնը առաջին անգամ ցուցադրուեցաւ Լիբանանի մէջ, ուր մշակոյթի ու արուեստի նկատմամբ բարձր ճաշակ գոյութիւն ունի, ինչպէս նաեւ անիկա կը ներկայացուի Ցեղասպանութենէն վերապրողներուն յաջորդող սերունդներուն: Այս առիթով ան շնորհակալութիւն յայտնեց ժապաւէնի ցուցադրութեան օժանդակած բոլոր անձերուն եւ կազմակերպութիւններուն, յատկապէս տոքթ. Արմէն Մազլումեանին, Վերա Եագուպեանին, եգիպտահայ գաղութին, որ մղիչ ուժ հանդիսացաւ իրենց: Հանաֆի շեշտեց, որ այս ժապաւէնը քաղաքական չէ, այլ պատմութիւնը կը ներկայացնէ, մանաւանդ որ այս դատը միայն հայութեան չի պատկանիր, այլ լուսարձակի տակ կ՛առնէ իրականութիւն մը, որուն կրկնութեան ականատես կ՛ըլլանք այսօր Միջին Արեւելքի մէջ: Ան հաստատեց, որ Թուրքիա Եգիպտոսի մէջ եւս փորձեց ժխտական դերակատարութիւն ունենալ, սակայն եգիպտացիներուն գիտակցութեան շնորհիւ ան չյաջողեցաւ, ուստի կարեւոր նկատեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան եւ թուրքերուն ոճիրներուն մասին տեղեակ ըլլայ իւրաքանչիւր արաբ, որպէսզի գիտնայ թուրքին իսկական պատկերն ու ինքնութիւնը:

Իր խօսքը աւարտելով Մոհամետ Հանաֆի հաստատեց, որ թէեւ ժապաւէնին խորագիրին մէջ հարց կը տրուի, թէ ո՞վ սպաննեց հայերը, սակայն խորքին մէջ անկարելի է հայութիւնը սպաննել, որովհետեւ իւրաքանչիւր հայ ինքնին պետութիւն է, վերապրում է` ուրախութիւն յայտնելով եգիպտահայութեան հետ ունեցած իր սերտ յարաբերութեան եւ կապին համար, որ վերածուեցաւ իր կեանքի հիմնական ու առանցքային բաժինին: Եզրափակելով` ան ըսաւ, թէ կը խոնարհի մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակին դիմաց եւ կ՛ողջունէ համայն հայութիւնը:

 

Նախորդը

Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան Լիբանանի Սանուց Միութիւն. Նիկոլ Պեզճեանի «Տաճար Լուսոյ» Ժապաւէնի Առաջին Ցուցադրութիւն

Յաջորդը

Յարձակում «Եու. Սի. Էլ. Էյ.» Համալսարանին Մէջ

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.