Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան Ընդդէմ Կիւլենի` Թեքսասի Դատարաններուն Մէջ, Պայքար Թրքական Երկու Հզօր Ուժերու Միջեւ

June 2, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

harut-sassunian1ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ   
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Քանի մը տարի առաջ երկու թուրք իսլամական պարագլուխներ` Թուրքիոյ ներկայ նախագահ Ռեճեփ Էրտողան եւ նշանաւոր սիւննի հոգեւորական Ֆեթուլլահ Կիւլեն համախոհներ էին: Անոնց ընդհանուր թշնամին թրքական զինուորականութիւնն էր: Բայց երբ Էրտողան իր բռնատիրական իշխանութիւնը ամրապնդեց` թուրք հրամանատարները ուժաթափ ընելով, ան դուրս եկաւ իր հին դաշնակից Կիւլենի դէմ: Էրտողան մաքրագործեց եւ բանտարկեց Կիւլենի հետեւորդները` հարիւրաւոր լրագրողներ, դատաւորներ, ոստիկաններ եւ պետական պաշտօնեաներ:

Կիւլենի գլխաւորած կազմակերպութիւններու գործունէութեան մասին իր համաշխարհային քննութիւնը ընդլայնելու նպատակով Թուրքիոյ կառավարութիւնը վարձեց Լոնտոն գտնուող «Ամսթերտամ եւ գործընկերներ» փաստաբանական ընկերութիւնը` ամսական վճարելով 50 հազար տոլար: Փաստաբանական ընկերութիւնը նաեւ կը տրամադրէ իրաւաբանական խորհրդատուութիւն` Փենսիլվանիոյ մէջ կամաւոր աքսորեալ Կիւլենի արտայանձնման համար Էրտողանի վարչակարգի պահանջին վերաբերեալ:

«Մեզ վարձած է Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը` բացայայտելու Կիւլենի ցանցի ենթադրեալ ապօրինի գործունէութիւնը ամբողջ աշխարհի մէջ», յայտարարած է «Ամսթերտամ եւ գործընկերներ» ընկերութեան հիմնադիր-գործընկեր Ռոպերթ Ամսթերտամը, վերջերս Ուաշինկթընի մէջ կայացած մամուլի ասուլիսի ժամանակ: «Կիւլենի ցանցի գործունէութիւնը, ներառեալ` անոր ներթափանցումը Թուրքիոյ դատական համակարգ եւ ոստիկանութիւն, ինչպէս նաեւ անոր քաղաքական լոպիինկը, պէտք է մտահոգէ բոլոր անոնք, որոնք կը մտածեն Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեան ապագայի մասին»:

Ազդեցիկ փաստաբանի կեղծաւոր ողբը առ «Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեան ապագայ», անհեթեթութիւն է, քանի որ Էրտողան անձամբ ջնջած է ժողովրդավարութեան բոլոր հետքերը Թուրքիոյ մէջ…

Վերջերս մամուլի մէկ հաղորդագրութեան մէջ Ամսթերտամ յայտարարած է, որ` «Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու աւելի քան 100 չարթըր դպրոցներու մէջ գործող Կիւլենի ցանցը դարձած է դաշնակցային եւ տեղական իրաւապահ մարմիններու քննութեան առարկայ, Միացեալ Նահանգներու մէջ: Ըստ առանձին հայցերու, որոնք ներկայացուած են Կիւլենի հետ կապուած դպրոցներու դէմ, խումբը իբր թէ պարբերաբար զբաղած է ամերիկեան մուտքի արտօնագրերու համակարգի չարաշահումներով»: Թուրքիան ներկայացնող փաստաբանը նաեւ յայտարարած է. «Ամբողջ աշխարհի մէջ Կիւլենի ցանցը կը բանեցնէ հազարաւոր դպրոցներ եւ համաձայնագիր ունի Ափրիկեան Միութեան հետ` շրջանին մէջ 1000 նոր դպրոց բանալու վերաբերեալ»:

Այժմ Էրտողանի երկար ձեռքը հասած է մինչեւ Թեքսաս` ետեւէն իյնալով «Հարմընի» հանրային դպրոցներու` Հիւսթընի մէջ գտնուող ամէնէն մեծ չարթըր դպրոցական համակարգին, որ ունի 30 հազար աշակերտ եւ կը գործէ Կիւլենի կապուած ոչ առեւտրական կազմակերպութիւններու հետ:

Անցեալ տարուան նոյեմբերին «Ամսթերտամ եւ գործընկերներ» ընկերութիւնը հանրային տեղեկատուութեան ներկայացուցած է 90 կէտերէ բաղկացած հարցում, որուն լրացման համար «Հարմընի» ստիպուած կ՛ըլլայ ծախսել 4,5 միլիոն տոլար: Նոյնիսկ երկար ցուցակի կրճատումէն ետք «Հարմընի»-էն կը պահանջուի  690 հազար տոլար` զայն լրացնելու եւ այդ տեղեկատուութիւնը տրամադրելու համար: Այժմ Թեքսասի գլխաւոր դատախազը պէտք է որոշէ թրքական պահանջի նպատակայարմարութիւնը:

Կը սպասուի, որ այս շաբաթ «Ամսթերտամ եւ գործընկերներ» ընկերութիւնը 30 էջնոց բողոք ներկայացնէ Թեքսասի կրթութեան գործակալութեան (ԹԿԳ)` «Հարմընի»-ի դպրոցներուն դէմ: Թեքսասի Օսթըն քաղաքէն լոպիիստ Ճիմ Առնըլտ, զոր Թուրքիա եւս վարձած է, ելեկտրոնային նամակ ուղարկած է Թեքսասի նահանգապետին` նշելով, որ այդ բողոքը «կը ներկայացնէ շարք մը մեղադրանքներ «Հարմընի»-ի ֆինանսական գործառնութիւններու, անոնց ենթադրեալ ապօրինի գործողութիւններու, նաեւ ԹԿԳ-ի կողմէ նախնական համապարփակ քննութիւն սկսելու պահանջին վերաբերեալ»:

«Հարմընի» հանրային դպրոցներու գլխաւոր գործադիր տնօրէն եւ համահիմնադիր Սոներ Թարին «Հիւսթըն Քրոնիքըլ»-ին ի պատասխան ըսած է, որ Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ իր դպրոցներուն թիրախաւորումը «ապշեցուցիչ է եւ քաղաքական շարժառիթներ ունի»:

Իսկ մինչ այդ, «Ամսթերտամ եւ գործընկերներ» ընկերութիւնը համանման բողոքներ  ներկայացուցած է Քալիֆորնիոյ մէջ Կիւլենի կապուած «Մակնոլիա» չարթըր տիպի դպրոցներու դէմ` «կոչ ընելով Քալիֆորնիոյ կրթութեան բաժանմունքին` չարթըրի ցանցի ֆինանսական գործունէութեան լիարժէք քննութիւն կատարել», կը հաղորէ «Հիւսթըն Քրոնիքըլ»:

Քոնկրեսական Պրետ Շըրմըն իր խիստ նամակին մէջ դժգոհած է «Մակնոլիա» չարթըր դպրոցներու դէմ Թուրքիոյ կառավարութեան յարձակումներէն. «Նախագահ Էրտողան ժխտումն է այն բոլոր լաւ բաներուն, զորս կը ներկայացնեն ամերիկեան դպրոցները: Ան անձամբ հսկայական վնաս հասցուցած է ժողովրդավարութեան` Թուրքիոյ Հանրապետութեան մէջ»: Քոնկրեսական Շըրմըն նաեւ 26 Ապրիլի իր նամակին մէջ գրած է, որ ««Ամսթերտամ եւ գործընկերներ» ընկերութեան վճարած են տարեկան 600 հազար տոլար` «Մակնոլիա» հանրային կրթական դպրոցները վարկաբեկելու համար», եւ որ` «տարբեր ժամանակներու մէջ նախագահ Էրտողանի կառավարութիւնն աջակցած է «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման: Հետեւաբար չեմ կարծեր, որ ամերիկեան կրթութեան վերաբերեալ աւելի վատ տեղեկատուական աղբիւր գոյութիւն ունենայ, քան` նախագահ Էրտողան եւ անոր վճարովի գործակալները», կը հաղորէ «Հիւսթըն Քրոնիքըլ»:

Հիւսթընեան թերթին Թարիմ յայտնած է, որ, ցաւօք, «Թուրքիոյ կառավարութիւնը հարիւր հազարաւոր տոլարներ կը ծախսէ եւ անթիւ յարձակումներ կը գործէ այդ ամերիկեան դպրոցներու վրայ` ստիպելով «Հարմընի»-ին համարժէք պատասխան տալ: Աւելի լաւ կ՛ըլլար` այդ գումարը եւ ներուժը ծախսուէր ուսանողներու վրայ»:

Ամերիկահայերը կրնան հանգիստ շունչ քաշել եւ մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւիլ  Թուրքիոյ կառավարութեան եւ Կիւլենի կազմակերպութեան միջեւ ծաւալած այս ծախսատար եւ խայտառակ դատական պայքարին: Թող անոնք իրենց գումարներն ու ուժը վատնեն իրարու դէմ պայքարելով, քան ծախսեն դէպի Թուրքիա ամերիկեան պաշտօնեաներու ամբողջովին վճարուած շռայլ զբօսախնՃոյքներու եւ Քոնկրեսի անդամներու լոպիինկի վրայ` ընդդէմ հայկական հարցերու…

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

www.TheCaliforniaCourier.com

 

 

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Հայկական Աշխարհը` Հայոց Աշխարհի Արեւելեան Դարպասէն.- Գ.

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.