Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Քանի Մը Անգամ Գրած Եմ Հրաժարականս, Սակայն Զայն Չեմ Ներկայացուցած` Խուսափելով Անոր Վնասներէն» Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

May 30, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

salam_interview_52616

Վարչապետ Թամմամ Սալամ «Թէ. Էլ.» պետական պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ երբ ինք ստանձնեց վարչապետի պաշտօնը, ոչ ոք կը պատկերացնէր, որ Լիբանանի մէջ նախագահական թափուր աթոռի իրավիճակը այսքան երկարատեւ պիտի ըլլայ:

«Կը նախատեսուէր, որ կառավարութեան կեանքը սահմանափակուէր երկու ամիսով, որմէ ետք պիտի կատարուէին երեսփոխանական ընտրութիւններ», ըսաւ ան:

Վարչապետ Սալամ ընդգծեց, որ նախագահական թափուր աթոռը վնաս կը հասցնէ կառավարութեան եւ խորհրդարանին գործունէութեան` աւելցնելով, որ երկրին քաղաքական լարուածութիւնը եւ կուսակցութիւններուն միջեւ արձանագրուող բախումները իրենց կարգին չեն օժանդակեր Լիբանանի պահպանումին:

«Այս բոլորին իբրեւ հետեւանք, սահմանադրութեան յանձնառու մնալու առումով Լիբանան ձախող պետութիւն մըն է», շեշտեց վարչապետը:

Սալամ հաստատեց, որ երկրին սահմանադրութիւնը չյարգելուն պատճառով իր նախագահած կառավարութիւնը կոչուած է ձախող եւ փտած կառավարութիւն: «Քանի մը անգամ գրած եմ հրաժարականս, սակայն զայն չեմ ներկայացուցած` խուսափելով անոր վնասներէն», շեշտեց Սալամ` աւելցնելով սակայն, որ հրաժարելու իմաստով իր սպառնալիքներուն պատճառով է, որ կարելի եղած է լուծել երկրին դիմագրաւած աղբի տագնապը:

Վարչապետ Սալամ նշեց, որ ապագայի առումով երկրին քաղաքական տագնապը լուծելու լաւագոյն ձեւը նախագահական ընտրութիւնն է:

Վարչապետ Սալամ ընդգծեց, որ Լիբանանի վրայ իր ժխտական ազդեցութիւնն ու հետեւանքները ունեցող վատագոյն թղթածրարը Սուրիոյ տագնապն է` նկատել տալով, որ Լիբանան կարիք ունի փոփոխութեան եւ այդ պատճառով է, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի առաջարկած է երեսփոխանական ընտրութիւն կատարել:

Անդրադառնալով սուրիացի գաղթականները Լիբանանի մէջ բնակեցնելու առումով լիբանանեան պետութեան վրայ բանեցուած ճնշումին մասին խօսակցութիւններուն` վարչապետ Սալամ հաստատեց, որ իրենց վրայ ճնշում չէ բանեցուած` աւելցնելով սակայն, որ Լիբանան իր սահմանադրութեամբ արդէն իսկ կը մերժէ բնակեցումը եւ զգուշ է անոր սպառնացած վտանգներէն:

Նախորդը

Ըստ «Ռայ»-ի. Հըզպալլա Կը Պատրաստուի Իսրայէլի Կողմէ Սանձազերծուելիք Նոր Պատերազմի Մը

Յաջորդը

Բժիշկներու Սենտիքայի Ընտրութիւն. Ռեմոն Սայեղի Գլխաւորած Ընտրացանկը Յաղթանակ Կ՛արձանագրէ. Տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան` Սենտիքայի Անդամ

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.