
Կառավարութիւնը երէկ յետմիջօրէի ժամը շուրջ 4:30-ին գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի:
Նիստէն բացակայեցաւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ:
Չորս ժամ տեւած նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ նիստին ընթացքին վարչապետ Սալամ վերահաստատած է ամէնէն արագ միջոցին հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան անհրաժեշտութիւնը, որովհետեւ նախագահական թափուր աթոռի գոյութիւնը իր ստուերը կը ձգէ սահմանադրական հաստատութիւններուն վրայ:
Վարչապետ Սալամ աւելցուց, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի հաղորդագրութիւնը զգուշացուցած է, որ Լիբանանի մէջ նախագահական թափուր աթոռին գոյութիւնը կրնայ երկրին ապահովական կայունութիւնը վտանգի ենթարկել եւ հսկայական վնասներ պատճառել:
Կառավարութիւնը իր նիստին ընթացքին համաձայնութիւն յայտնեց կազմելու նախարարական յանձնախումբ մը, որուն աշխատանքը ըլլայ ենթադրեալ ահաբեկիչներու անուանացանկերու կազմութիւնը, ինչպէս նաեւ համաձայնեցաւ շարք մը այլ որոշումներու շուրջ:
Կառավարութիւնը յաջորդ հինգշաբթի օրուան յետաձգեց Ժաննէի ջրամբարի եւ հաղորդակցութեան մարզի թղթածրարներուն քննարկումը:
Միւս կողմէ, կառավարութեան նիստին զուգահեռ, երէկ Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ կազմակերպուեցաւ բողոքի ցոյց մը` լիբանանեան կենսոլորտային շարժումին կողմէ:
Կենսոլորտային շարժումի նախագահ Փօլ Ապի Ռաշետ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ ամենասուրբ հովիտին մէջ առանց ուսումնասիրութիւններու կը կառուցուի ջրամբար մը, որ վնասակար է:
Այս շրջագիծին մէջ Ապի Ռաշետ կոչ ուղղեց գործադրելու կենսոլորտի նախարարութեան այն որոշումը, որուն համաձայն, այդ ջրամբարին կառուցումը արգիլուած է:
Ապի Ռաշետ հաստատեց, որ այդ ջրամբարին ծրագիրը պէտք է փոխարինուի այլ ծրագիրներով` աւելցնելով, որ այդ ջրամբարին կառուցումը երկրաշարժային սպառնալիքներ կ՛ընդգրկէ:


