Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

May 27, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՖՐԱՆՍԱՅԻ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, թէ արտաքին գործոց նախարար Ժան Մարք Էյրոյի Լիբանան կատարելիք այցելութիւնը յետաձգուած է 10-11 յուլիսի:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք Զղարթայի Թուլա շրջանին մէջ քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները յետաձգեց` գիւղաքաղաքին մէջ տիրող լարուածութեան պատճառով:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակի զօրամաս մը Արսալի մէջ ձերբակալած է Մալեք Մահմուտ Սուլթանը, որ ահաբեկչական արարքներու մեղսակցած է:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց արեւելքի մէջ Լիբանանի դերակատարութիւնը փրկելու: Ան շեշտեց, որ Լիբանանը չի կրնար առանց հանրապետութեան նախագահի գոյատեւել:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ բանակը երէկ ամբողջ օրուան ընթացքին ստուգեց Ատայսէի, Ֆաթիմայի դարպասի, Ուազզանիի, Ապպասիէի եւ Ուատի Ասալի մօտ լիբանանեան սահմանին վրայ գտնուող Կապոյտ գիծը, մինչ «Էմ. Քա.» տիպի հետախուզական օդանաւեր թռիչքներ կատարեցին հարաւային Լիբանանի վերեւ` խախտելով երկրին օդային սահմանները:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ հաստատեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ կատարուած քաղաքապետական ընտրութիւնները Դիմադրութեան ծրագիրին իրագործումներէն կը նկատուի:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ Նաժի Ղարիոս շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ իրենք վտանգաւոր խաղ մը կը խաղան, եւ անիկա երկրին քաղաքական կերպով իշխելու խաղն է:

ԻՐԱՆԻ արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաուատ Զարիֆ շնորհաւորեց Լիբանանի Դիմադրութեան եւ ազատագրութեան տօնը` ընդգծելով, որ Թեհրան մնայուն կերպով պիտի զօրակցի Լիբանանի կառավարութեան եւ լիբանանցիներուն:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր խորհրդարանին ներկայացուց օրինագիծ մը, որուն հիման վրայ օդին մէջ կրակողները կը պատժուին:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Խէյրէտտին հաստատեց, որ ընտրական նոր օրէնքը պէտք է ըլլայ համամասնական օրէնք մը` Լիբանանը վերածելով մէկ ընտրաշրջանի:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ անցեալ երեքշաբթի օրուան հանդիպումը, որ տեղի ունեցած է Այն Թինէի մէջ, ամրապնդած է Պըրրիի նախաձեռնութեան նկատմամբ Մուսթաքպալ հոսանքին տպաւորութիւնը:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ օգոստոս ամսուան ընթացքին կարելի է վկայել Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի նախագահ ընտրութիւնը, որ կարելի պիտի ըլլայ իրականացնել Վատիկանի զօրակցութեամբ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մոհամետ Սաֆատի շեշտեց, որ իրեն շնորհիւ կարելի եղած է նախկին վարչապետներ Սաատ Հարիրիի եւ Նեժիպ Միքաթիի միջեւ ընտրական դաշինք գոյացնել Թրիփոլիի մէջ:

 

Նախորդը

Տերսիմի Մէջ 11 Շրջան Անվտանգութեան Գօտի Յայտարարուած Է

Յաջորդը

Խորհրդարանի Միացեալ Յանձնախումբերը Քննարկեցին Ընտրական Խառն Օրինագիծը

RelatedPosts

Ռուպիօ Նախագահ Աունը Յորդորած Է Լիբանանի  Եւ Իսրայէլի Բանակներուն Միջեւ Ուղղակի  Հաղորդակցութիւնները Սկսելու
Լիբանանեան

Ռուպիօ Նախագահ Աունը Յորդորած Է Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Բանակներուն Միջեւ Ուղղակի Հաղորդակցութիւնները Սկսելու

October 17, 2026
«Քաթարը Կը Փորձէ Լիբանանի Մէջ Ուժանիւթի Հարցի  Համապարփակ Լուծումներ Ներկայացնել»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

«Քաթարը Կը Փորձէ Լիբանանի Մէջ Ուժանիւթի Հարցի Համապարփակ Լուծումներ Ներկայացնել» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

October 17, 2026
Խաթիպզատէ. «Լիբանանի Մէջ Իրանի  Դեսպանի Հարցը Պէտք Չէր Այսչափի Հասնէր»
Լիբանանեան

Խաթիպզատէ. «Լիբանանի Մէջ Իրանի Դեսպանի Հարցը Պէտք Չէր Այսչափի Հասնէր»

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.