Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Բեմի Խոստմնալից Անուն Մը` Անժելինա Սարգիսեան

May 23, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ

Angelina1_52316

Միջդպրոցական մրցանքները կարեւոր են եւ օգտակար: Անոնք կը յայտնաբերեն շնորհալի նոր դէմքեր, որոնք յարատեւելու եւ իրենք զիրենք կատարելագործելու պարագային կրնան լաւ ապագայ խոստանալ մշակութային մեր կեանքին:

Angelina2_52316Angelina3_52316Այս իմաստով, վերջին տարիներուն միջդպրոցական մրցանքներուն յաճախ յայտնուած անուն մըն է Անժելինա Սարգիսեանը, որ ասմունքի եւ մենակատարութեան փայլուն կարողութիւններուն կողքին, կ’երգէ, կը պարէ եւ մնջախաղի վարպետ մըն է: Անժելինա Համազգայինի «Արեգ» թատերական դպրոցի շրջանաւարտներէն է: Ռոպերթ Առաքելեանի ղեկավարութեամբ, ան հանդէս եկած է չորս թատերախաղերու մէջ («Ոսկի խնձորը», «Սասունցի Դաւիթ», «Կարօտ», «Պեռնարտա Ալպայի տունը»): Ան մաս կազմած է նաեւ Վարդան Մկրտիչեանի «Բեմ 2000» թատերախումբի վերջին թատերախաղին («100 տարի ետք կամուրջին տակ»): Այժմ ան կ’օժանդակէ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի նորագոյն թատերախաղին աշխատանքներուն:

Angelina4_52316Angelina5_5231617-ամեայ Անժելինա Սարգիսեան շահած է Ազգային առաջնորդարանի միջվարժարանային ասմունքի մրցանքին առաջնութիւնը, նաեւ` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան» հայագիտական մրցանքին ասմունքի եւ մենակատարութեան առաջնութեան տիտղոսները: Ապրիլին ան խլեց ՀԵՀՈՄ-ի «Տաղանդաւոր աշակերտը» մրցանքին մենակատարութեան առաջնութիւնը: Միաժամանակ ան կատարեց աշակերտական երկու բեմադրութիւն իր յաճախած վարժարանին` Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճին մէջ: Մարտին Անժելինա բեմականացուց Յունաստանի պատմութիւնն ու մշակոյթը եւ տպաւորիչ պատկերներով զայն ներկայացուց իր քոլեճին բազմամշակութային օրուան ընթացքին, իսկ ամիս մը ետք ան գրեց եւ բեմադրեց Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած «Արդեօք կ’արժէ՞ր այս բոլորը…» 30 վայրկեաննոց թատերախաղը:

Անժելինա այժմ կը գործակցի պատկերասփիւռի Էլ.Պի.Սի. կայանին հետ եւ կը նկարահանէ «Ժումհուրիէթ նուն» ֆիլմաշարը, որուն մէջ հանդէս կու գայ գլխաւոր դերով, լիբանանցի հանրածանօթ դերասաններ` Եուսեֆ Հատտատի, Ռիթա Հարպի, Անթուանեթ Աքիքիի եւ այլոց շարքին: 2015-ի ամրան ան կարճ, սակայն ուշագրաւ դերով մը հանդէս եկաւ լիբանանեան «Ահմատ ու Քրիստինա» ֆիլմաշարին մէջ:

Անժելինա դերասանական եւ բեմադրական ասպարէզին մէջ կը խոստանայ փայլուն ապագայ: Կը մնայ, որ ան իր բնատուր կարողութիւնները եւ թատերական փորձառութիւնը հարստացնէ ակադեմական բարձրագոյն ուսումով` նորանոր նուաճումներ արձանագրելու եւ լիբանանահայ թէ լիբանանեան արուեստի երկնակամարին վրայ նոր աստղ մը դառնալու համար:

 

Նախորդը

Մրցանակաբաշխութիւն «Խաչիկ Պապիկեան» Մրցանքներու (2015-2016)

Յաջորդը

Զօրակցինք Արցախին

RelatedPosts

Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
Հաղորդագրութիւն
Անդրադարձ

ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը` Հայ Դպրոցականին Եւ Համալսարանականին Կողքին

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.