Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վաղը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Կը Կայանան Քաղաքապետական, Թաղապետական Եւ Երեսփոխանական Մասնակի Ընտրութիւններ

May 21, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Elections_52016

Վաղը հարաւային Լիբանանի մէջ կը կայանան քաղաքապետական, թաղապետական եւ երեսփոխանական մասնակի ընտրութիւններ:

Հարաւային Լիբանանի Սուր, Սայտա, Ժեզզին, Նապաթիէ, Պընթ Ժպէյլ, Մերժահիուն եւ Հասպայա գաւառները պիտի կատարեն քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններ:

Ժեզզինի մէջ պիտի կատարուին նաեւ երեսփոխանական մասնակի ընտրութիւններ:

Մուսթաքպալ հոսանքի աղբիւրներ Սայտայի մէջ քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն ընթացքը բնական որակեցին` ընդգծելով, որ իրենք կը զօրակցին Սայտայի ներկայ քաղաքապետ Մոհամետ Սէուտիի գլխաւորած «Սայտայի բարգաւաճում» ընտրական ցանկին:

Իր կարգին, շէյխ Մահեր Համմուտ մաղթեց, որ «Ժողովուրդի ձայն» կոչուող ընտրական ցանկը յաղթանակ արձանագրէ կիրակի օրուան ընտրութիւններուն:

Նշենք նաեւ, որ Ժեզզինի մէջ երեսփոխանական մասնակի ընտրութիւններուն հիմնական թեկնածուն է Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած Ամալ Ապու Զէյտը, որուն հիմնական մրցակիցները կը նկատուին Սալահ Ժըպրանը, Փաթրիք Ռըզքալլան եւ Իպրահիմ Ազարը:

Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ Սայտայի մէջ տեղի ունենալիք քաղաքապետական ընտրութիւնները ապահով կերպով կատարելու առումով վախ չկայ, իսկ ապահովական եւ գումակային բոլոր միջոցառումները ամէնէն բարձր մակարդակներուն վրայ որդեգրուած են:

ՄԻՒՍ կողմէ, Մաշնուք յետաձգեց Պշարրէ գաւառի Թուրզա շրջանին մէջ 29 մայիսին տեղի ունենալիք քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները` նկատի ունենալով գիւղաքաղաքին մէջ տիրող պրկումը եւ ելեկտրականացած մթնոլորտը, որ կրնայ յանգիլ շրջանին մէջ ապրող ընտանիքներուն միջեւ բռնկելիք ապահովական լուրջ բախումներու:

Նախորդը

Զօր. Քահուաժի Թուրքիոյ Դեսպանատան Զինուորական Կցորդին Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Յաջորդը

«Արցախ» Ժապաւէնին Առաջին Բաժինը Սփռուեցաւ «Էմ. Թի. Վի.» Կայանէն

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.