Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Միաձայնութեամբ Մերժեց Սուրիացի Գաղթականներուն Բնակեցումը Կամ Անոնց Քաղաքացիութիւն Շնորհելը

May 20, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ministrial_Council_51916

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք ժամը շուրջ 5:00-ին գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ 120 կէտերէ բաղկացող օրակարգ մը:

Տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ նիստին ընթացքին վարչապետ Սալամ վերստին պահանջած է նախագահական ընտրութիւն կատարել` ընդգծելով անոր առաջնահերթութիւնը:

Ժրէյժ յայտնեց, որ կառավարութիւնը «Թելէ Լիպան» պետական պատկերասփիւռի կայանին նշանակումները յետաձգեց իր յաջորդ նիստին:

Կառավարութիւնը քննարկեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի կողմէ սուրիացի գաղթականները Լիբանանի մէջ բնակեցնելու կարելիութիւնները:

Քննարկումներուն ընթացքին կառավարութիւնը միաձայնութեամբ մերժեց այդ ծրագիրը:

Կառավարութիւնը ընդգծեց, որ ինք կառչած կը մնայ Լիբանանի սահմանադրութեան եւ բնակեցումը մերժելու իմաստով լիբանանեան համախոհութեան` հաստատելով, որ սուրիացի գաղթականներուն հարցին միակ լուծումը անոնց տունդարձն է:

Պէտք է աւելցնել, որ կառավարութեան նիստին ընթացքին Քի Մունի բանբերը յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ սուրիացիները բնակեցնելու ծրագիր գոյութիւն չունի` աւելցնելով, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի Լիբանանի մէջ կայունութիւն հաստատելու իմաստով:

Կառավարութիւնը համաձայնութիւն յայտնեց կարգ մը նախարարութիւններու կողմէ ներկայացուած այն առաջարկներուն, որ բանակին կատարուելիք անհատական թէ խորհուրդներու եւ միութիւններու կողմէ կատարուած օժանդակութիւններուն ընդառաջում ցուցաբերուի:

Նշենք, որ նիստէն առաջ մշակոյթի նախարար Ռեմոն Արայժի շեշտեց, որ ինք կտրականապէս կը մերժէ բնակեցումը, ամէն իմաստով եւ ի՛նչ ալ ըլլան անոր պայմաններն ու կաշառքները:

Կենսոլորտի նախարար Մոհամետ Մաշնուք շեշտեց, որ Ժաննէի ամբարտակին աշխատանքները կարելի չէ վերսկսիլ` նախքան կառավարութեան արտօնութիւնը:

Աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզի շեշտեց, որ 1948-էն ի վեր ոչ ոք համարձակած է պաղեստինցի գաղթականները բնակեցնելու մասին արտայայտուիլ, իսկ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն 26 էջի մէջ 7 անգամ յանդգնած է անդրադառնալ այդ հարցին, որ սուրիացիներուն դէմ մարտահրաւէր կը նկատուի:

Նախորդը

Վարչապետ Սալամ Ցաւակցութիւն Յայտնեց Սիսիի Եւ Իսմայէլի

Յաջորդը

Պապը Հայաստան Կ՛այցելէ «Այց Առաջին Քրիստոնեայ Երկիր» Կարգախօսով

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.