Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մամլոյ Լսարան Թիւ 116. Թաթուլ Յակոբեան Զեկուցեց «Արցախեան Քառօրեայ Պատերազմը» Նիւթով Եւ Ներկայացուց «Անի» Կեդրոնի Հրատարակութիւնները

May 18, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Lesaran1_51716

«Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպած մամլոյ 116-րդ լսարանը տեղի ունեցաւ երէկ` երեքշաբթի, 17 մայիս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի  «Փիւնիկ» սրահին մէջ:

Lesaran2_51716Լսարանին նիւթն էր «Արցախեան քառօրեայ պատերազմը», իսկ զեկուցաբերը` հայրենի լրագրող Թաթուլ Յակոբեան: Ան ողջունեց ներկաները, կարեւոր նկատեց նման լսարաններու կազմակերպումը, ապա ներկայացուց  իր կողմէ հիմնադրուած «Անի» կեդրոնի վեց հրատարակութիւնները, որոնք կը ներկայացնեն հինգ ականաւոր դաշնակցական գործիչներու` Յովհաննէս Քաջազնունիի, Վահան Նաւասարդեանի, Սիմոն Վրացեանի, Արշակ Ջամալեանի եւ Ռուբէն Դարբինեանի աշխատութիւնները` իւրաքանչիւրը առանձին հատորով, նաեւ հինգը` մէկ հատորի մէջ: Այս գործերը երկար ժամանակէ ի վեր չեն հրատարակուած, իսկ անոնցմէ Արշակ Ջամալեանի հատորը կը հրատարակուի առաջին անգամ ըլլալով: Թ. Յակոբեան նշեց, որ հինգ գործերը հայ քաղաքական մտքի պատմութեան ամէնէն խորքային եւ վիճելի գործերէն կը նկատուին:

Ապա անդրադառնալով ներկայացուելիք տեսանիւթին`  Թաթուլ Յակոբեան ըսաւ, որ ան նկարահանուած է արցախեան քառօրեայ պատերազմի օրերուն: Թաթուլ Յակոբեան պատերազմի առաջին օրէն գտնուած է Արցախ, լուսաբանած է իրավիճակը այնպէս, ինչպէս ինք տեսած է առանց գրաքննութեան, առանց իշխանութիւններուն հետ հակադրուելու:

Ներկաները դիտելէ ետք Յակոբ Մանուկեանի եւ Թաթուլ Յակոբեանի ժապաւէնը, որ կը կրէր «Արցախեան ապրիլ» խորագիրը, իրենց հարցումները ուղղեցին լրագրողին, որ իր կարգին սպառիչ պատասխաններով լուսաբանեց զիրենք:

Տեսանիւթը կը ներկայացնէր արցախեան քառօրեայ պատերազմի ռազմական գործողութիւններուն, Արցախ – Ազրպէյճան շփման գիծի, հայ դիրքապահներու, թիրախ դարձած հայկական գիւղերուն մասին տեղեկութիւններ եւ վկայութիւններ:

Թ. Յակոբեան ըսաւ, որ քառօրեայ պատերազմի ընթացքին ազրպէյճանական բանակի առասպելը փուլ եկած է: Այս պատերազմին հաստատուած է, որ ամէնէն արդիական զինուժով հարցեր չեն լուծուիր, յաղթանակները չեն տարուիր, որովհետեւ կրնան չհամապատասխանել իրականութեան:

Լրագրողը յայտնեց, որ արցախեան բանակը յաղթահարելով ամէն դժուարութիւն եւ  փորձութիւն` դիմացաւ, շփման գիծի երկայնքով կրցաւ հակայարձակման անցնիլ եւ վերատիրանալ կորսուած որոշ դիրքերու:

Թ. Յակոբեան դիտել տուաւ, որ Արցախի ապահովութեան երաշխիքը ուժեղ բանակն է եւ հայ ժողովուրդի միասնակամութիւնը: Ան ըսաւ, որ յոյս պէտք չէ դնել որեւէ պետութեան վրայ, որովհետեւ ամէն ոք կ՛աշխատի իր շահերէն բխած:

Անդրադառնալով երկու կողմերու կորուստներուն` ան ըսաւ, որ թշնամին իր կրած կորուստներով գերազանցած է հայկական կողմը, որ մարդկային զոհերու կողքին ունեցած է նաեւ հողային որոշ տարածքի մը կորուստը: Ան ըսաւ, որ արցախեան պատերազմին ազրպէյճանական մարտական գործողութիւններուն ներգրաւուած էին 4 ուժեր, որոնց մէջ թրքական գործօնի մասնակցութիւնը ամէնէն նուազն է: Ըստ լրագրողին, հայկական բանակը պարտութիւն չէ կրած,  իսկ ազրպէյճանցիները յաղթանակ չեն տարած:

Ան կոչ ուղղեց չթերագնահատելու թշմանիին ուժը, այլ լաւապէս սերտելու եւ ճանչնալու անոր կարելիութիւնները, որպէսզի կարելի ըլլայ ճշդել մարտավարութիւնը: Իսկ ճշմարտութիւններու բացայայտման մէջ պէտք է ըլլալ զգօն, որովհետեւ երբեմն այդ բացայայտումը կրնայ օգտակար հանդիսանալ թշնամիին:

Նախորդը

Ստեփանակերտեան Լրջագոյն Պատգամներ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.