Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վիեննայի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Սարգսեան – Ալիեւ Հանդիպումը

May 17, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

573a619bc46188e1298b456e

Համաձայնութիւն Ձեռք Բերուեցաւ
Քայլեր Ձեռնարկելու` Դէպքերու
Հետաքննութեան Մեքանիզմի Ներդրման Հարցով

Վիեննայի մէջ երէկ ուշ գիշերին սկսաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ  Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն մասնակցութեամբ: Այդ մասին «Թուիթըր»-ի իր էջով կատարած գրառումով տեղեկացուցած է Հայաստանի նախագահի մամլոյ  քարտուղար Վլադիմիր Յակոբեան:

Ուշ երեկոյեան պաշտօնական աղբիւրներ հաղորդեցին, թէ Սարգսեան-Ալիեւ հանդիպումին քննարկուած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ ապրիլ ամսուան ընթացքին զինադադարի կոպիտ խախտման պատճառով ստեղծուած լարուած իրավիճակը եւ անկէ դուրս գալու ուղիները: Համանախագահող երկիրներու  ներկայացուցիչները պնդած են 1994-ի 1995-ի զինադադարի  ամրապնդման մասին համաձայնագիրներու անշեղ իրագործման անհրաժեշտութիւնը: Համաձայնութիւն ձեռք բերուած է քայլեր ձեռնարկելու` անոնց իրականացման մշտադիտարկման եւ դէպքերու հետաքննութեան մեքանիզմի ներդրման, ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի խումբի կարողութիւնները աւելցնելու, տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթի հաւանական վերսկսման ուղղութեամբ:

Sargsian_Kerry_51616

Միւս կողմէ, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Վիեննայի մէջ հանդիպում ունեցած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար, Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ Ֆետերիքա Մոկերինիի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի հետ: Այս մասին կը յայտնեն նախագահին մամլոյ ծառայութենէն:

Sargsian_mogherini_51616

Ֆետերիքա Մոկերինիի հետ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են շրջանի զարգացումներուն եւ անվտանգութեան սպառնացող ներկայ մարտահրաւէրներուն վերաբերող հարցեր: Այդ պարունակին մէջ հանգամանալից կերպով անդրադարձ կատարուած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի շփման գօտիին մէջ անցեալ ամսուան սկիզբը զինադադարի կոպիտ խախտման իբրեւ հետեւանք յառաջացած լարուածութեան աճին եւ ստեղծուած իրավիճակէն դուրս գալու կարելիութիւններուն:

Նախագահ Սարգսեան` ներկայացնելով հայկական կողմին դիրքորոշումը բանակցային հոլովոյթի վերսկսման վերաբերեալ, կարեւոր նկատած է 1994-ի զինադադարին եւ 1995-ի զինադադարի դրութեան ամրապնդման վերաբերող համաձայնագիրներու անվերապահ կատարման անհրաժեշտութիւնը` իբրեւ տագնապի լուծման համար բարենպաստ պայմաններու ստեղծման ծառայող առաջին քայլ:

Ֆ. Մոկերինի վերահաստատած է Եւրոպական Միութեան աջակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահողներու ջանքերուն եւ պատրաստակամութիւն յայտնած սատարելու տագնապի գօտիին մէջ վստահութեան ամրապնդման նախաձեռնութիւններու գործադրութեան: Այդ առումով հայկական կողմը կարեւոր նկատած է Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչներուն այցելութիւնները տագնապէն տուժած շրջաններ:

Երկուստեք յոյս յայտնած են, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն նախաձեռնութեամբ Վիեննայի մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումները կը նպաստեն ստեղծուած իրավիճակի յաղթահարման, շրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման:

Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն երկկողմանի յարաբերութիւններու օրակարգին, որուն մէջ` առանձին մարզերու մէջ համագործակցութեան:

Աւելի ուշ տեղի ունեցած հանդիպումին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի հետ նախագահ Սարգսեան քննարկած է ապրիլի սկիզբը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ զինադադարի կոպիտ խախտման իբրեւ հետեւանք ստեղծուած իրավիճակէն դուրս գալու կարելիութիւնները: Կարեւոր նկատելով Մինսքի խմբակի համանախագահողներուն 12 մայիսի յայտարարութիւնը` նախագահ Սարգսեան նշած է, որ բանակցային հոլովոյթի վերսկսման համար անհրաժեշտ է ապահովել 1994-ի զինադադարի մասին եւ 1995-ի զինադադարի ամրապնդման մասին համաձայնագիրներու լիարժէք իրականացումը, ինչպէս նաեւ զինադադարի խախտումներու հետաքննութեան մեքանիզմի շուտափոյթ ներդրումը: Ընդգծուած է այն փաստը, որ Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները նախաձեռնած են այդ հանդիպման:

Հանրապետութեան նախագահը յոյս յայտնած է, որ անոնք նոյնպիսի հետեւողականութեամբ իրենց հասցէագրուած դիրքորոշումներով ու յստակ քայլերով նպաստեն բանակցութիւններու վերսկսման համար նպաստաւոր պայմաններու ստեղծման: Կողմերը անգամ մը եւս վերահաստատած են, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը զինուորական լուծում չունի, եւ անհրաժեշտ է հիմնարար սկզբունքներու հիման վրայ գտնել փոխադարձաբար ընդունելի լուծման մեքանիզմներ:

 

 

Նախորդը

Գերմանիոյ Խորհրդարանի Օրակարգին Վրայ Է Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Բանաձեւի Նախագիծը

Յաջորդը

«Դաշնակցութիւնը Իր Ընտրական Դաշինքները Վերատեսութեան Ենթարկելու Անհրաժեշտութիւն Չի Տեսներ» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

RelatedPosts

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Յայտարարեց,  Որ Հայ Գերիներու Հարցը Իրենց Համար  Մեծ Կարեւորութիւն Ունի
Գլխաւոր լուրեր

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Յայտարարեց, Որ Հայ Գերիներու Հարցը Իրենց Համար Մեծ Կարեւորութիւն Ունի

October 17, 2026
ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը Հայաստանէն  Յայտարարեց` Մարդասիրական Հարցերու Մէջ  Մարտահրաւէրները Կը Յամենան
Հայկական

ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը Հայաստանէն Յայտարարեց` Մարդասիրական Հարցերու Մէջ Մարտահրաւէրները Կը Յամենան

October 17, 2026
ՔՈՓ17-ի Շրջանակին Մէջ Տեղի Ունեցաւ  Առաջնորդներու Վեհաժողովը
Հայկական

ՔՈՓ17-ի Շրջանակին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Առաջնորդներու Վեհաժողովը

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.