
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ, Օքլահոմա Սիթի 113-99 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով Սան Անթոնիօ Սփըրզին դէմ, ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը` 4-2 արդիւնքով գերազանցելով իր մրցակիցը:
Յաղթական կազմին մարզիկներէն Քեւին Տիւրընթ նշանակեց 37 կէտ, իսկ Ռասըլ Ուեսթպրուք` 28 կէտ:


