
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Ուրալ Եգաթիրինպուրկի յառաջապահ Էդգար Մանուչարեան պիտի լքէ իր ակումբը:
Մանուչարեան Ուրալի հետ հինգ տարեշրջանի ընթացքին մասնակցեցաւ 85 մրցումի եւ նշանակեց 23 կոլ:
Ան ըսաւ, որ այդ հինգ տարիներուն ընթացքին տուաւ իր առաւելագոյնը եւ կարելին ըրաւ, որպէսզի իր կազմին օժանդակէ` լաւ արդիւնք ձեռք ձգելու համար:


