Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դժուար Է Հայ Ըլլալ Թուրքիոյ Մէջ. Թուրք Արձակագիր Էլիֆ Շաֆաքի Յօդուածը «Տը Կարտիըն»-ին Մէջ

May 13, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

elif-shafak-10-5-2016

Անցեալ շաբաթ, Թուրքիոյ քաղաքական իրարանցումի ընթացքին, որ գագաթնակէտին հասաւ վարչապետի հրաժարականին մասին յայտարարութեամբ, Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ թէժ քննարկման թեմա դարձած էր Օսկար Ուայլտը, ըստ «Արմէնփրես»-ի «Տը Կարտիըն» թերթին մէջ գրած է թուրք յայտնի արձակագիր Էլիֆ Շաֆաք:

Քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամը ցանկացած է մէջբերում կատարել Ուայլտէն, սակայն իշխող կուսակցութենէն երեսփոխան մը առարկած է գաղափարին` մէջբերելու մէկը, որ ո՛չ մահմետական է, ո՛չ թուրք:

«Դուն ունի՞ս օրինակներ այս մշակոյթէն, այս քաղաքակրթութենէն», ըսած է ան:

«Երբ անոնք Ուայլտի մասին չեն վիճիր, հարուածներով կը փոխանակուին»,- կը գրէ Շաֆաք: Ան կը յիշեցնէ, որ երեսփոխաններուն անձեռնմխելիութենէն զրկելու մասին օրինագիծի քննարկման ժամանակ, որ կանխամտածուած օրէնքի փոփոխութիւն է եւ կրնայ յանգեցնել քիւրտ երեսփոխաններու նկատմամբ դատական գործերու եւ ձերբակալութիւններու, իշխանաւոր Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան երեսփոխանները հայ երեսփոխան Կարօ Փայլանին հարուածած են եւ ատելութեան խօսքեր յղած: Փայլան ըսած է. «Անոնք չեն կրնար մարսել, որ ինքնութեամբ հայ մարդը կը բացայայտէ անոնց սուտերը եւ չ՛ընկրկիր»:

«Դժուար է հայ ըլլալ Թուրքիոյ մէջ, կամ` քիւրտ, կամ` ալեւի, կամ` միասեռական կամ զինուորական ծառայութենէ կրօնական համոզումներու համար հրաժարող, կամ` հրեայ, կամ` կին, կամ` մէկը, որ պարզապէս համաձայն չէ այն ամէնուն հետ, ինչ տեղի կ՛ունենայ երկրին մէջ: Եթէ պատահի այնպէս, որ դուք թուարկածներէն մէկէն աւելիին կը համապատասխանէք, կեանքն ա՛լ աւելի կը դժուարանայ: Ցանկը կարելի է անվերջ շարունակել: Բազմազանութիւնը խեղդուած է, խօսքի ազատութիւնը` վերցուած: «Նոյնութեան գաղափարախօսութիւն» կ՛իշխէ երկրին մէջ:

«Գաղափարախօսութիւնը կը ձեւաւորուի թրքական ազգայնականութեան, իսլամիզմի եւ մենատիրութեան միջոցով` խառնուած արականութեան եւ հայրիշխանութեան: Քաղաքականութեան լարուածութիւնը կը ներխուժէ առօրեայ կեանքի բոլոր բնագաւառները», կը գրէ հեղինակը:

Շաֆաք կը շեշտէ, որ Թուրքիա այլեւս սոսկ քաղաքականապէս բեւեռացուած չէ, այլ բաժնուած է երկու բեւեռներու անոնք, որոնք կը շարունակեն աջակցիլ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին, եւ անոնք, որոնք անոր դէմ են: Իշխանաւոր կուսակցութեան անդամներէն կը սպասուի անվերապահ հնազանդութիւն, չկայ անգամ ներկուսակցական ժողովրդավարութեան թոյլ նշոյլ:

Վարչապետ Տաւութօղլուի յայտարարութիւնը զարմացուց բոլորը, ան ըսաւ, որ իր հրաժարականը ընտրութիւն չէր, այլ «անհրաժեշտութիւն»: Գաղտնիք չէ, որ յաջորդ վարչապետը պիտի ըլլայ մէկը, որ ամբողջապէս կը վերահսկուի Էրտողանի կողմէ, ով ա՛լ աւելի կ՛ամրապնդէ իր իշխանութիւնը: Վերջ ի վերջոյ, Էրտողան կը ցանկայ Թուրքիան վերածել նախագահական վարչակարգի` իշխանութեան մենաշնորհով:

Երեք տարի առաջ Կեզի պուրակի ցոյցերէն ի վեր մարդոց յաճախ եւ համակարգուած կերպով վախցուցած են: Միջինը իւրաքանչիւր չորս օրը մէկ Թուրքիոյ մէջ մէկը կը դատուի Էրտողանը վիրաւորելուն համար` նախագահ դառնալէն ի վեր մօտ 2000 մարդ, անոնց շարքին են` արուեստագէտներ, լրագրողներ, ծաղրանկարիչներ, գիտնականներ, նոյնիսկ` ուսանողներ, դիմատետրի մէջ իրենց մեկնաբանութիւններուն համար: Լրատուամիջոցները եւ ընկերային ցանցեր խիստ վերահսկողութեան կ՛ենթարկուին:

«Անցեալին մէջ մենք սեւ երգիծանքի ամուր աւանդոյթ ունէինք: Քաղաքականութիւնը կոշտ էր, սակայն կարելի էր ծիծաղիլ քաղաքական գործիչներու վրայ: Այժմ` ո՛չ: Վերջին հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ Թուրքիոյ ժողովուրդին միայն կէսը կը կարծէ, որ բնական է հրապարակայնօրէն քննադատել իշխանութիւնը: Երբ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել,  Էրտողանին ընդառաջելով, թոյլ կու տայ գերմանացի կատակերգուներու նկատմամբ դատական հետապնդում սկսելու` Թուրքիոյ նախագահին «վիրաւորելու» համար, ատիկա յստակ ուղերձ է Թուրքիոյ ժողովրդավարներուն.

– «Դուք միայնակ էք»:

Ի՞նչ եղաւ թրքական մոտելը, որուն հետ մենք այդքա՜ն յոյսեր կը կապէինք: Արեւմտեան ժողովրդավարութեան, աշխարհիկութեան, մեծմասամբ մահմետական մշակոյթով եւ բազմաշերտ հասարակութեան այդ իւրայատուկ խառնուրդը այսօր դատարկ հռետորութիւն է: Նոյնիսկ Եւրոմիութիւնը, որուն մենք` թուրքերս, ժամանակին կը ձգտէինք, վերածուած է քաղաքական խաղի:

Այնուամենայնիւ, Թուրքիան միլիոնաւոր գեղեցիկ մարդիկ ունի, որոնք թէեւ խորապէս ընկճուած են, բարոյալքուած եւ միայնակ, կապուած են իրարու հետ ողջ աշխարհին եւ առաջ են իրենց իշխանութենէն: Իսկ խորհրդարանին մէջ այդ (Օսկար Ուայլտէն) մէջբերո՞ւմը, որ արհամարհուեցաւ: Անիկա իշխանութեան գռեհկութեան մասին էր», կ՛եզրափակէ Շաֆաք:

Նախորդը

Հայ Դատը Բաւարարուած Չէ Ամերիկեան Դեսպանատան Արձագանգով

Յաջորդը

Հայ Դատի Յանձնախումբը Կարօ Փայլանի Անվտանգութեան Հարցով Դիմած Է Թուրքիոյ Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին

RelatedPosts

Սրբութեան Լուսաւոր Շողը` Ս. Իգնատիոս Մալոյեան
Անդրադարձ

Սրբութեան Լուսաւոր Շողը` Ս. Իգնատիոս Մալոյեան

October 17, 2026
Այս Օրերի Միակ Ուրախ Լուրը` Ծնան Արցախ Եւ Շուշի Սասունեանները
Անդրադարձ

Այս Օրերի Միակ Ուրախ Լուրը` Ծնան Արցախ Եւ Շուշի Սասունեանները

October 17, 2026
Նուիրեալ Ու Խանդավառ ԼՕԽ-ականի Տիպարը  (Ժագլին Թերզեանի Քառասունքին Առիթով)
Անդրադարձ

Նուիրեալ Ու Խանդավառ ԼՕԽ-ականի Տիպարը (Ժագլին Թերզեանի Քառասունքին Առիթով)

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.