Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-Ի «ՆԱՐՕՏ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ» ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԷՆ

March 17, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ գրադարանի յանձնախումբին, ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, թէ իւրաքանչիւր ամսուան վերջին ուրբաթը գրադարանին մէջ պիտի հիւրընկալէ մանկական գիրքերու հեղինակ մը, որպէսզի աշակերտներուն հետ ընթերցանութիւն կատարուի եւ զրոյց տեղի ունենայ գիրքին մասին:

Գրադարանը արդէն իսկ քանի մը հիւր հեղինակներ ունեցած է:

Արդարեւ, 26 նոյեմբեր 2010-ին գրադարան այցելեց Զանի Շահինեան-Մեսրոպեան, որուն հետ կայացած հանդիպումին ընթացքին գրադարանի աշակերտները կարդացին Վարագի պատմութիւններու շարքը, ապա հարցումներ ուղղեցին հեղինակին, որ իր կարգին զրուցեց փոքրերուն հետ:  Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Նազելի Աւագեան:

Երկրորդ հիւրն էր Լուսիկ Սոմունճեան-Աֆարեան, որ 11 փետրուար 2011-ին այցելեց գրադարան` իրեն հետ իբրեւ նուէր բերելով իր գիրքերու ամբողջական շարքը` թէ՛ գրադարանին եւ թէ՛ աշակերտներուն համար: Անոնք միասնաբար կարդացին գիրքերը, ապա հեղինակը բացատրեց, որ ամէն մէկ պատմութիւն ունի իր միտք բանին եւ իւրաքանչիւրէն պէտք է պատգամ մը կամ դաս մը քաղել: Լ. Սոմունճեան-Աֆարեան աշակերտներէն գաղափարներ առաւ` անոնց հետաքրքրութիւններուն վերաբերող ու խոստացաւ, որ յաջորդ գիրքերուն մէջ պիտի օգտագործէ այդ գաղափարները: Ան նաեւ յայտնեց, որ կրկին գրադարան պիտի այցելէ:

Մանկապատանեկան գիրքերու հեղինակներուն գրադարան այցելութիւնը դրական անդրադարձ ունեցաւ աշակերտներուն վրայ եւ նոր շունչ բերաւ անոնց առօրեային մէջ: Գրադարան յաճախող աշակերտները արդէն անհամբեր կը սպասեն նոր հիւրերու:

Գրադարանի նպատակն ալ արդէն այդ է` հայ գիրքին մօտեցնել նոր սերունդը եւ անոր մէջ սերմանել հայ գիրքին նկատմամբ սէր ու հետաքրքրութիւն:

Շնորհակալութիւն` մեր ազնիւ հեղինակներուն եւ յանձնախումբի ընկերուհիներուն: Բոլորին վարձքը կատար:

ԳՐԱԴԱՐԱՆԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

Նախորդը

ԼՕԽ-Ի «Ա. ՓԱՓԱԶԵԱՆ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ

Յաջորդը

ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը` Պատնէշին Վրայ, Աւելի Քան Երբեք

November 25, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Դաշնակցական Ընկերոջ Օրինակը Ընկեր Մ. Պարոնեան

November 25, 2026
Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը` Հաստատութենական Հեռանկարով

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։