Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուստամեան. «Արցախի Անկախութեան Ճանաչման Հարցը Պէտք Է Մնայուն Կերպով Հայաստանի Օրակարգին Վրայ Մնայ»

May 12, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Armen_51116

ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան 11 մայիսին Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտարարած է, որ Հայաստանի կողմէ Արցախի անկախութեան ճանաչումը պէտք է տեղի ունենայ ճիշդ ժամանակին:

Ան ընդգծած է, որ եթէ Հայաստանի եւ Արցախի իշխանութիւնները քննարկումներու լոյսին տակ որոշած են, որ ներկայիս ճիշդ ժամանակը չէ ատիկա ընելու, ուրեմն իսկապէս ատոր ժամանակը չէ: Միեւնոյն ժամանակ, Ռուստամեան այն կարծիքին է, որ Արցախի ճանաչման հարցը պէտք է միշտ Հայաստանի օրակարգին վրայ ըլլայ: «Հայաստան չէ ճանչցած Լեռնային Ղարաբաղը, որպէսզի ատիկա տեղի ունենայ միջազգային հոլովոյթի միջոցով: Մենք կ՛ուզենք ոչ թէ միակողմանի կերպով ճանչնալ, այլ Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ իրականացնել այդ հոլովոյթը: Ասիկա Հայաստանի կողմէ մեծագոյն զիջումն է, որպէսզի բանակցութիւններու միջոցով բոլորը համոզուին, որ Ղարաբաղի անկախութիւնը պէտք է ճանչցուի: Բայց եթէ Ազրպէյճան բանակցութիւնները տանի փակուղի, դադրեցնէ բանակցութիւնը, Հայաստան Ղարաբաղի ճանչնալէ բացի այլընտրանք չ՛ունենար: Այս մասին շատ յստակ յայտարարած է հանրապետութեան նախագահը: Այս պատճառով ալ մենք միշտ կ՛ըսենք, որ Արցախի ճանաչումը պէտք է միշտ մնայ մեր օրակարգին վրայ, սակայն միաժամանակ պէտք է կնքուի ռազմական փոխօգնութեան պայմանագիրը, որ կը նշանակէ` յարձակումը Ղարաբաղի վրայ, կը նշանակէ յարձակում Հայաստանի վրայ: Իսկ եթէ ատիկա յարձակում է Հայաստանի վրայ,  ուրեմն Հայաստան իր բոլոր միջոցներով պէտք է պաշտպանուի», նշած է Ռուստամեան:

Ան աւելցուցած է, որ Հայաստանը երբեք միջազգային հանրութեան համար սպառնալիք չէ հանդիսացած: «Մեր կողմէ երբեք պատերազմ չէ սկսած, մեզի պատերազմ պարտադրած են: Եւ այսօր, երբ կը խօսին այն մասին, որ Հայաստանը սպառնալիք է, թող նախ եւ առաջ տեսնեն, թէ ո՛վ է իրական սպառնալիքը: Ասիկա թուրք-ազրպէյճանական լծակ է: Թող խօսին այն մասին, թէ ինչո՛ւ թրքական զօրք կը կուտակեն  Նախիջեւանի մէջ: Անոնք պայթիւնավտանգ իրավիճակ կը ստեղծեն, ապա կը մեղադրեն ուրիշը, որ միայն կ՛ուզէ պաշտպանուիլ», նշած է պատգամաւորը:

Անդրադառնալով Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանութեան երկրորդ քարտուղարին այն  յայտարարութեան, թէ ռուսական զէնքը կարելի չէ Արցախ տանիլ, այնքան ատեն որ Հայաստան չէ ճանչնած Արցախի անկախութիւնը, Ռուստամեան ըսած է. «Վատ չէ, եթէ կ՛ըսեն` ճանչցէք, ու կարելի է ուղարկել զէնքը, բայց մենք նաեւ կը խօսինք այն մասին, որ այսօր Հայաստան շատ յստակ յայտարարած է, որ կը պատրաստուի Արցախի հետ ռազմական փոխօգնութեան համաձայնագիր կնքել, իսկ այդ պայմանագիրը իրերը պէտք է կոչէ իրենց անունով: Տէ ֆաքթօ ստեղծուած իրավիճակը մենք պէտք է տէ ժիւրէ ամրագրենք: Որո՞ւ համար գաղտնիք է, որ Հայաստան կը հանդիսանայ Արցախի անվտանգութեան երաշխաւորը, իսկ Հայաստան ատոր համապատասխան քայլերու պէտք է ձեռնարկէ: Այդ պատճառով ալ պէտք է չէզոքացնել այն ռազմական  սպառնալիքը, զոր Ազրպէյճան կը ներկայացնէ Արցախի ժողովուրդին համար: Այդ պատճառով ալ կը կարծեմ, թէ այդ պայմանագիրը պէտք է արագացուի, որպէսզի նման հարցեր չյառաջանան: Այսինքն, Հայաստանի ունեցած զինանոցը պէտք է ծառայէ Ղարաբաղի անվտանգութեան», հաստատած է Արմէն Ռուստամեան:

Խօսելով քառօրեայ պատերազմին ընթացքին Ռուսիոյ որդեգրած դիրքորոշման մասին` Ռուստամեան նկատել տուած է, որ Ռուսիա Հայաստանին աջակցած է այնքանով, որքանով այդ պահուն անհրաժեշտ էր: «Մենք մեր ռազմավարական գործընկերներէն դժգոհ չենք: Չեմ կարծեր, թէ ամէն բան պէտք է այդքան ծայրայեղ կերպով դիտել: Կը կարծենք, որ այս պահուն Ռուսիան ուղղակի պէտք է հետեւի, որպէսզի հաւասարակշռութիւնը չխախտի: Այսօր Ազրպէյճան Ռուսիայէն բացի քանի մը այլ երկիրներէ ալ զէնք կը գնէ:  Հայաստան միայն Ռուսիոյ հետ կը լուծէ այդ հարցերը: Հիմա, երբ Ռուսիան կ՛որոշէ զէնք վաճառել Ազրպէյճանին, պէտք է տեսնէ` հաւասարակշռութիւնը կը խախտի՞ այդպէս, թէ՞ ոչ, իսկ Ռուսիան նաեւ ղարաբաղեան տագնապի լուծման միջնորդ կողմ կը հանդիսանայ», ընդգծած է Արմէն Ռուստամեան:

 

Նախորդը

Պըրրի. «Խորհրդարանին Նստաշրջանը Դարձեալ Պիտի Չերկարաձգուի, Իսկ Ընտրական Օրէնքին Մշակումը Հարցի Լուծման Բանալին Է»

Յաջորդը

«Ես Կարոն Եմ» Կարգախօսով Երթ` Դէպի ՄԱԿ-ի Երեւանեան Գրասենեակ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.