Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընդունելով Հերպըրթ Զալպերը` Նախագահ Սարգսեան Շեշտը Դրած Է Ազրպէյճանական Ոճիրներուն Միջազգայնօրէն Արձագանգելու Կարեւորութեան Վրայ

May 11, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Sargsian_Herbert_51016

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 10 մայիսին ընդունած է Եւրոպական Միութեան Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերու յատուկ ներկայացուցիչ Հերպըրթ Զալպերը:

Նախագահ Սարգսեան ներկայացուցած է իր տեսակէտը Ազրպէյճանի ապակառուցողական եւ ռազմատենչ կեցուածքին իբրեւ հետեւանք իրավիճակի լարման եւ բանակցային հոլովոյթը խոչընդոտելու այդ երկրի դրդապատճառներուն մասին:

Անդրադառնալով Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ ապրիլեան իրադարձութիւններուն ընթացքին գործադրուած ռազմական յանցագործութիւններուն փաստերուն` նախագահը ընդգծած է նման անթոյլատրելի եւ դատապարտելի երեւոյթներուն միջազգային հանրութեան եւ մասնագիտական կառոյցներուն կողմէ համարժէք արձագանգելու անհրաժեշտութիւնը:

Հանդիպման ընթացքին նշուած է զինադադարի խախտման դէպքերու հետաքննութեան մեքանիզմի ներդրման եւ վստահութեան ամրապնդման նախաձեռնութիւններու դիմելու անհրաժեշտութիւնը: Կողմերը երկուստեք ընդգծած են, որ տագնապի խաղաղ լուծումը այլընտրանք չունի:

Հանդիպում Նախարար Միրզոյեանի Հետ

Mirzoian_51016

10 մայիսին աշխատանքային այցելութեամբ Երեւան գտնուող Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան եւս հանդիպում ունեցած է Եւրոպական Միութեան Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերու յատուկ ներկայացուցիչ Հերպըրթ Զալպերի հետ:

Կարէն Միրզոյեան անոր տեղեկատուութիւն փոխանցած է ապրիլի սկիզբը Լեռնային Ղարաբաղի դէմ Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած ռազմական յարձակումին եւ անոր հետեւանքներուն մասին` ընդգծելով, որ ասիկա 1994-ի զինադադարի  դրութեան եռակողմանի համաձայնագիրի աննախընթաց խախտում էր: Ան նշած է, որ` ձգտելով տապալել բանակցային հոլովոյթը եւ մերժելով իրավիճակի կայունացման վերաբերող բոլոր նախաձեռնութիւնները, Ազրպէյճան փորձած է ազրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապը լուծել ռազմական ուղիով:

Նախարարը Հերպըրթ Զալպերի ուշադրութիւնը հրաւիրած է այն փաստին վրայ, որ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ Ազրպէյճանի կատարած յարձակումին զուգահեռ այդ երկրի բանակը գործած է պատերազմական բազմաթիւ յանցագործութիւններ, պատերազմի օրէնքներու եւ սովորութիւններու, ինչպէս նաեւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի եզրերու կոպիտ խախտումներ:

Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարը յիշեցուցած է, որ իրենք բազմիցս նախազգուշացուցած են միջազգային հանրութիւնը, որ վճռական եւ հասցէական քննադատութեան բացակայութիւնը Պաքուի մօտ պիտի ստեղծէ ամենաթողութեան կեղծ զգացում եւ ճամբայ հարթէ նորանոր արկածախնդրութիւններու: Ան ընդգծած է դիւանագէտներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու Արցախ այցելութեան կարեւորութիւնը` ստեղծուած իրավիճակին մասին առարկայական պատկերացում կազմելու եւ ազրպէյճանական յարձակումին պատճառներուն ու հետեւանքներուն մասին բազմակողմանի տեղեկատուութիւն ստանալու համար:

Կողմերը անդրադարձած են իրավիճակի ապակայունացման հետագայ փորձերը բացառելու եւ տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին վերսկսելու ջանքերուն կարեւորութեան:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը հարցերու շուրջ:

 

 

Նախորդը

Բակօ Սահակեան Տիգրանակերտի Մէջ Հանդիպում Ունեցած Է Հայ Դատի Յանձնախումբերու Ներկայացուցիչներուն Հետ

Յաջորդը

ՀՅԴ-ի Առաջադրած Կարգ Մը Թեկնածուներ Առանց Մրցակիցի Ընտրուած

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.