
Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 33-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն, Պայէրն Միւնիխ 2-1 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Ինկոլսթատի դաշտէն, հանդիսացաւ 2015-2016 տարեշրջանի ախոյեան` ապահովելով 85 կէտ:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, մարզիչ Փեփ Կուարտիոլայի կազմը 8 կէտի առաւելութիւն մը ունեցաւ Պորուսիա Տորթմունտին վրայ, որ 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Մէօնշընկլատպախի դաշտին վրայ:
Նշենք, որ ցարդ միայն վերջին դիրքը գրաւող Հանովըր-96 փոխադրուած է Ա. դասակարգ: Մնացեալ երկու խումբերուն անունները ցարդ անորոշ են:


