Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Ներկայացուցիչը

May 5, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Vehapar_Iran_50416

Չորեքշաբթի, 4 մայիս 2016-ի առաւօտուն, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մշակոյթի եւ միջազգային իսլամական կապերու կեդրոնի պատասխանատու դոկտ. Ապուզար Իպրահիմի Թորքամանի այցելեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Հանդիպումին ներկայ էին Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպանատան մշակութային կցորդը, դոկտ. Թորքամանիին երկու օգնականները, ինչպէս նաեւ կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան եւ դիւանապետ Խաչիկ Տէտէեան:

Դոկտ. Թորքամանին լաւապէս ծանօթ է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան եւ տարած աշխատանքին` նկատի ունենալով, որ Իրանի պետութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջեւ պաշտօնական երկխօսութեան նիստերուն ան կը գլխաւորէ Իրանի պատուիրակութիւնը: Այս երկխօսութեան վերջին նիստը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի մէջ, 3 մարտ 2015-ին, իսկ յառաջիկայ նիստը տեղի պիտի ունենայ դեկտեմբեր 2016-ին, Թեհրանի մէջ:

Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան պաշտօնական երկխօսութեան յառաջիկայ նիստին օրակարգը, Միջին Արեւելքի ներկայ կացութիւնը, Ղարաբաղի վերջին զարգացումները եւ Իրանի հայ համայնքին ունեցած կարեւոր ներդրումը ընկերութեան զարգացման աշխատանքներուն մէջ: Աւարտին, անգամ մը եւս շեշտուեցաւ Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռին եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան սերտ համագործակցութեան  հրամայականը, յատկապէս քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան շրջագիծին մէջ, ինչպէս նաեւ հայ եւ իրանցի ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան առաւել ամրապնդումը, որ համագոյակցութեան լաւագոյն օրինակներէն մին է:

 

Նախորդը

«Պէտք Է Անգամ Մը Եւս Հաստատենք, Որ Մենք Այս Երկրին Մէջ Կշիռ Ունեցող Համայնք Ենք» «Ազդակ»-ին Ըսաւ Աւետիս Կիտանեան

Յաջորդը

ՀՅԴ-ի Ակումբներուն Մէջ Աշխատանքները Կը Շարունակուին

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Իրանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Իրանի Դեսպանը

February 3, 2026
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Ներկայացուցչական 52-րդ Ժողով
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Ներկայացուցչական 52-րդ Ժողով

February 3, 2026
Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.