Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ – Հուփս Ճակատագրական Մրցումը

April 30, 2016
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

basket_42916

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-էյթ»-ի մրցումները կ՛աւարտին վաղը` կիրակի, 1 մայիսին, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, երբ ՀՄԸՄ-ի կազմը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Հուփսը:

Նախքան մանրամասնութիւններուն անցնիլը նշենք, որ «ֆայնըլ-էյթ»-ի նախավերջին մրցումին, այսօր` շաբաթ, 30 ապրիլին, յետմիջօրէի ժամը 16:30-ին, Մութթահետ «Սաֆատի» մարզահամալիրին մէջ կը հիւրընկալէ Պիպլոսը:

ՀՄԸՄ – Հուփս մրցումին նման վերոնշեալ ճակատումին արդիւնքը եւս կ՛ընթանայ 2-2 հաւասարութեամբ:

Վերջին երկու մրցումներուն, ՀՄԸՄ 100 տոկոսով բարելաւելով իր խաղարկութիւնը, արձանագրեց յաջորդական երկու յաղթանակներ եւ այսպիսով արդիւնքը 2-2 հաւասարեցնելով պարտադրեց հինգերորդ եւ վերջին մրցումը:

Վաղը ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն համար սխալիլը բացարձակապէս արգիլուած է:

Ոչ մէկ սխալ արտօնելի պիտի ըլլայ մարզիկներուն համար, որովհետեւ անոր հետեւանքը կ՛ըլլայ պարտութիւնը եւ առիթ կը տրուի Հուփսին, որ ինք ըլլայ «ֆայնըլ-ֆոր» հասնողը:

Վաղը` կիրակի, 1 մայիսին, բոլորիս ժամադրավայրը պիտի ըլլայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրը, ինչպէս նախորդ մրցումներուն, այս անգամ եւս նեցուկ կանգնելու համար խումբին` քաջալերելու մարզիկները եւ յաղթանակը միասնաբար տօնելու:

Նշենք, որ ՀՄԸՄ – Հուփս մրցումին յաղթականը «ֆայնըլ-ֆոր»-ին իր դէմ կ՛ունենայ Ռիատին, մինչ Մութթահետ – Պիպլոս մրցումին յաղթականը` Սաժեսը:

 

Նախորդը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Պայէրն Միւնիխ Այսօր Կրնայ Ախոյեան Հռչակուիլ

Յաջորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Անդրանիկ Պէյրութ

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Այսօր` Էն.Էս.Էյ.-ՀՄԸՄ
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այսօր` Էն.Էս.Էյ.-ՀՄԸՄ

February 2, 2026
«Էմ.Էմ.Էյ.»  Հայ Մարտիկներ Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Մարզական

«Էմ.Էմ.Էյ.» Հայ Մարտիկներ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

February 2, 2026
Ֆութսալ.  Եուրոյի Գծով Հայաստանի Պատմական Մրցաշարքը Վերջ Գտաւ
Մարզական

Ֆութսալ. Եուրոյի Գծով Հայաստանի Պատմական Մրցաշարքը Վերջ Գտաւ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.