Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քոնկրեսական Սանչեզ Կոչ Կ՛ուղղէ «Լեհիի Օրէնքով» Հետաքննութեան Սկսիլ Ազրպէյճանի Դէմ

April 30, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Sanchez_42916

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան զինեալ ուժերու կոմիտէի անդամ Լորեթա Սանչես Քոնկրեսին մէջ տեղի ունեցած լսումներուն ժամանակ կոչ ուղղած է հետաքննելու Ազրպէյճանի կողմէ «Լեհիի օրէնքի» խախտումները, որով այդ երկիրը ամերիկեան զինուորական աջակցութեան շնորհիւ միլիոնաւոր տոլարներ ստանալով, մարդու իրաւունքներու լայնածաւալ խախտումներ կատարած է 2 ապրիլէն սկսեալ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ գործած յարձակումներուն ընթացքին:

Սանչես ընդգծած է, որ ստացած է հաւաստի տեղեկութիւն Ազրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ մարդու իրաւունքներու կոպիտ խախտումներու վերաբերեալ: «Ես հաւատացած եմ, որ Միացեալ Նահանգները պէտք է հետաքննութեան սկսին` յստակացնելու, թէ արդեօք ազրպէյճանական զինուորական ուժերը խախտա՞ծ են «Լեհիի օրէնքը»: Մենք` Միացեալ Նահանգները, յառաջամարտիկ ենք մարդու իրաւունքներու հարցին մէջ, եւ չենք կրնար մենք մեզի արտօնել աջակցիլ այն զինեալ ուժերուն, որոնք կը խախտեն մարդու իրաւունքները», նշած է քոնկրեսականը:

Ան ուշադրութիւն հրաւիրած է Ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու կոպտագոյն խախտումներուն վրայ, ինչպէս նաեւ յիշեցուցած հայ սպան կացինահարած ազրպէյճանցի սպայ Ռամիլ Սաֆարովին Իլհամ Ալիեւի կողմէ ներում շնորհելու փաստը:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի ղեկավար Նորա Յովսէփեան ողջունած է ամերիկացի քոնկրեսականին յայտարարութիւնը:

«Լեհիի օրէնք»-ը առաջին անգամ ներկայացուած է 1997-ին: Օրէնքը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան եւ պաշտպանութեան նախարարութեան կ՛արգիլէ զինուորական օժանդակութիւն տրամադրել զինուորական միաւորներուն այն երկրին, որ անպատժելի կերպով կը խախտէ մարդու իրաւունքները: Հաւատարիմ մնալով ամերիկեան արժէքներուն` օրէնքը կ՛օգնէ երաշխաւորելու, որ Միացեալ Նահանգներու հարկային տոլարները չեն օգտագործուիր այն զօրքերուն, անոնց անդամ անհատներուն կամ անվտանգութեան ուժերուն կողմէ, որոնք կը խախտեն մարդու իրաւունքներն ու պատերազմական յանցագործութիւններ կը կատարեն:

 

Նախորդը

Սպանիոյ Երեք Քաղաքներ Ճանչցած Են Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Յաջորդը

Մամետեարով Կը Ծրագրէ Մայիսին Հանդիպիլ Մինսքի Խմբակի Համանախագահներուն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.