Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Ինչո՞ւ Պէտք Է Տօնենք Մայիսի 1-ը

April 30, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

workers_43015

Արդի մարդկային ընկերութեան սկիզբէն եղած են ընկերային բաժանումներ եւ կենաց մահու պայքար` աւատապետներու եւ ճորտերու, տէրերու եւ ստրուկներու միջեւ. միշտ ալ աւելի ուժեղը ճնշած է տկարը, իսկ ճնշումի պատճառը միշտ ալ եղած է անարդար համակարգը. այդ անարդար համակարգի հիմքը դրամագլուխն է, որ հիմնուած է ընկերային բարեկեցութեան շուկայացման եւ տնտեսական անհատապաշտութեան վրայ:

Ճարտարարուեստականացումէն սկսեալ աշխատաւորը դարձաւ իր տիրոջ ազատ ծառան (անմարդկային դրամագլուխին պատճառով), ո՛չ բարեկեցութիւն, ո՛չ ապահովագրութիւն եւ ո՛չ ալ որեւէ պզտիկ իրաւունք ունէր աշխատաւոր դասակարգը: Այստեղէն ալ ծագեցաւ այն միտքը, թէ աշխատաւորը պէտք է կազմակերպուի, իր սեփական ձեռքերով ինքզինք ազատագրէ, եւ այդ մտքէն ծնունդ առաւ ընկերվարութիւնը: Մարքսի եւ Էնկելսի «Աշխարհի՛ աշխատաւորներ, միացէ՛ք» կոչը արձագանգ գտաւ աշխարհի 4 ծագերուն:

Ժամանակակից ընկերվարական բոլոր մտքերը մուտք գործեցին հայկական հասարակութեան մէջ եւ այդ մտքերէն ծնունդ առաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը: ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր հիմնադրութեան առաջին իսկ օրերէն հայկական հասարակութեան մէջ դարձաւ աշխատաւոր դասակարգի կուսակցութիւնը: Իր առաջին ծրագիրին (1892) մէջ ակնյայտ էր իր կրած ազդեցութիւնը մարքսականութենէն: ՀՅԴ-ն որդեգրեց աշխատաւոր դասակարգի ազատագրութեան դատը թէ՛ Օսմանեան կայսրութեան եւ թէ՛ Ռուսիոյ մէջ ու դարձաւ ամէնէն ամուր կազմակերպուած աշխատաւորական կուսակցութիւնը: Ան կազմակերպեց աշխատաւորութիւնը, կայացուց հանրային զրոյցներ եւ աշխուժ մասնակիցը դարձաւ ռուսական յեղափոխութիւններուն (1905 եւ 1917), համագործակցեցաւ այլ ընկերվարական կուսակցութիւններու հետ եւ առաջին հանրապետութեան ժամանակ բարելաւեց հայ աշխատաւորի կեանքը:

Միջազգային մակարդակի վրայ ընկերվարական կուսակցութիւններուն նկատմամբ  համակրանքը աճեցաւ, եւ շատ մը երկիրներու մէջ այդ կուսակցութիւնները հասան իշխանութեան` կերտելով բարեկեցիկ համակարգեր: Ասիկա  չի նշանակեր, որ աշխարհը բարեկեցիկ եւ ապահով եղած է: Բազմաթիւ երկիրներու մէջ տակաւին կը շարունակուին երեխաներու աշխատանքը, սեռային խտրութեան հիման վրայ անհաւասար աշխատավարձերը, աշխատանքի անապահով պայմանները եւ այլուր`ստրկութիւնը: Մայիսի 1-ը  յարատեւ պայքարի օր է ընդդէմ վայրագ դրամատիրութեան, անիկա աշխատաւորական շարժման համախմբման օրն է յանուն միութեան: Մենք պիտի տօնենք եւ պիտի շարունակենք  տօնել մայիսի 1-ը, որպէսզի աշխատաւորները յաւերժ ապրին բարեկեցիկ համակարգի ներքեւ: Դաշնակցականը պարտաւոր է տօնել մայիսի 1-ը, որովհետեւ ընկերային – տնտեսական պայքարը անբաժանելի մասն է մեր ազգային պայքարին. ամէն դաշնակցական պարտաւոր է իր զօրակցութիւնը յայտնելու հայ աշխատաւորութեան դատին` յանուն արդար եւ համերաշխ հայրենիքի մը կերտման: Դաշնակցականը պէտք է յաւերժ հաւատարիմ մնայ իր ընկերվարական սկզբունքներուն` ըլլալով աշխատաւորներու իրաւունքներուն պաշտպանը եւ ընկերվարութեան դաստիարակիչն ու քարոզիչը: Կեցցէ՛ մայիսի 1-ը եւ կեցցէ՛ աշխատաւորական շարժումը:

 

Նախորդը

Սիրելի Սաթենիկ Քեչեճեանի Յիշատակին. 1928 – 2016

Յաջորդը

Անմխիթարական, Բայց Ոչ Յուսահատական Կացութիւն

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.