Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱՆԿԱԿԱՆ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՄԱՄԵԾԻՆ ՏԱՂԵՐԸ

September 15, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցնող գարնան լոյս ընծայած իր գրքոյկէն ետք, որ նուիրուած էր հայկական գաթայի պատրաստութեան` «Գաթային գաղտնիքը» հետաքրքրական անունով, Սօսէ Խտըշեան-Պէրպէրեան հայ մանուկը կ՛ուրախացնէ նոր պատկերազարդ գրքոյկով մը, զոր անուանած է «Մամեծին տաղերը»:

Մամեծը կրճատուած փաղաքուշ արտայայտութիւնն է մեծ մօր կամ մեծ մամային` մանկական լեզուով մկրտուած:

Հեղինակը պրպտած ու գտած է մանուկներու վերապահուած ասոյթներ, ընտանի անասուններու, բնութեան յատուկ քնքուշ խօսքեր, որոնց պատմութեամբ եւ մանուկներու հասկնալի բառերով հաճելի զրոյց կ՛ունենան մեծ մայրերն ու մանկահասակ թոռնիկները: Նկարազարդումը գործն է Սօսէին` գունագեղ ու արեւաշող երանգներով օծուն: Քառեակներու նմանութեամբ գրուած տողերուն բացատրութիւնը կը տրուի նկարներով: Կատուն, մուկը, գառնուկը, բադիկը, նապաստակը ներկայութիւն են գրքոյկի էջերուն` ուրախութիւն ներշնչելով երեխաներուն, անոնց մանկական աշխարհը կը լեցուի երեւակայութեամբ, մանաւանդ երբ մամեծին կողքին նստած` կը կրկնեն միասնաբար «Ծափիկ ծափիկ ծիրանի», «Այ նապաստակ», «Փիսիկ, փիսիկ», «Ձի, ձի, փայտէ ձի» եւ այլն: Տողերուն մէջ արեւ կը շողայ, նաեւ մեծ հայրիկին անունը կը շնորհաւորեն` յիշելով Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի տօնը:

Մեծ մայր եւ թոռնիկ յարաբերութեան սերտանալուն նպաստող գրքոյկ մըն է` 32 նկարազարդ էջերու մէջ ամփոփուած: Շնորհաւորելի է Սօսէ Խտըշեան-Պէրպէրեանի հնարամտութեամբ պատրաստուած այս գրքոյկը, աշխատանք մը, որ կորուստէ կը փրկէ մոռցուած կամ մոռացութեան ճակատագրին ենթարկուած այնքան գեղեցիկ մեր ընտանեկան աւանդութիւնը:

Գիտենք, որ թոռնիկները կը սիրեն մեծ մայրերն ու մեծ հայրերը. զանոնք իրարու մտերմացնող եւ հայաբոյր մթնոլորտի մէջ ծաղկեցնող խթան մըն է այս գրքոյկը: Այս կէտը հարկ է նկատի առնուի ամենայն անկեղծութեամբ եւ ուշադրութեամբ:

Այս հրատարակութիւնը նուիրուած է Աղաւնի Պալեանին, որ եղած է տիպար, գուրգուրոտ մայր մը, մեծ մայր մը, որուն յուշերէն եւ աւանդապահ նկարագրէն օգտուած է գրքոյկին հեղինակ Սօսէ Խտըշեան-Պէրպէրեան` իր կարգին իբրեւ երիտասարդ մայր այս հատորիկը ընծայելով մեր մանուկներուն, որոնք իրենց մայրերուն հետ պիտի հաղորդուին մեր լեզուին, գիրին ու գրականութեան:

Գրքոյկը տպուած է Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանին մէջ: Հեղինակը մտադիր է շարունակելու մեր մանուկները ուրախացնելու աշխատանքը, նոր գործով մը, որ կը վերաբերի դարձեալ մանկական խաղ-խօսքերու, գգուող խօսքերու, օրօրներու, վերջապէս, այն ամէնուն` մանուկ մը խնամելու եւ սնուցանելու խօսքերուն,  հայկական աւանդութիւն բուրող:

Երբ մտահոգ ենք արեւմտահայերէնի կաղացումով անոր կորուստը արգիլելու կանխարգելիչ միջոցներու կը դիմենք, անհրաժեշտութիւն կը նկատենք մեր մանուկներուն լեզուն բանալ հայերէն քաղցր բառերով` մայրերուն սիրով եւ գուրգուրանքով արտայայտուած: Մեր նորածինները կարօտը ունին անկասկած մայրական քնքուշ դէմքին, անուշ ձայնին եւ օրօրին: Մեր լեզուին պահպանումը կը սկսի մանկական բարուրէն…:

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Նախորդը

ՀԻՆ, ԲԱՅՑ ՉՀԻՆՑԱԾ ԽՕՍՔԵՐ ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԸ ԲԱՑԱԿԱՅԻՆ ՄԵՐ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ

Յաջորդը

«ԱՆՍԱՆՁ ԳՐԱՔԱՆԴԱԿՆԵՐ» ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ (ՀԵՂԻՆԱԿ` ՌՈԼԱՆՏ ՇԱՌՈՅԵԱՆ)

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.