
Ամերիկեան «Կրէյսնոթ» ընկերութիւնը մանրամասն վերլուծումը կատարած է օգոստոսին Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ (Պրազիլ) տեղի ունենալիք Ամառնային ողիմպիական խաղերուն վերաբերեալ` փորձելով կանխատեսել, թէ ո՛ր երկիրները որքա՛ն մետալի պիտի տիրանան:
Ամերիկացիներուն կարծիքով` Հայաստան մետալներու վերջնական դասաւորման մէջ պիտի գրաւէ 44-րդ դիրքը` 3 մետալով (1 ոսկի, 1 արծաթ եւ 1 պրոնզ):
«Կրէյսնոթ»-ի համաձայն, Հայաստանի համար ոսկի մետալը ապահովողը պիտի հանդիսանայ 98 քկ դասակարգի մրցումներուն մասնակցող, յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Արթուր Ալեքսանեան, որ վերջին երկու տարիներուն աշխարհի ախոյեանն է:
Իսկ ծանրաբարձ Հռիփսիմէ Խուրշութեան (75 քկ եւ վեր) պիտի տիրանայ արծաթ մետալին: Նշենք, որ Խուրշուդեան այս ամիս հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան:
Վերջապէս, պրոնզ մետալին տիրացողը պիտի ըլլայ Անդրանիկ Կարապետեան (77 քկ):


