
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ, գործող ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, արձանագրելով իր չորրորդ յաղթանակը եւ 4-1 արդիւնքով գերազանցելով Հիուսթըն Ռոքեթցը, ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը:
Երէկուան այս մրցումին, Ուորիըրզ արձանագրեց 114-81 արդիւնքով յաղթանակ մը` իր դաշտին վրայ:
Նշենք, որ վիրաւոր ըլլալուն պատճառով Ուորիըրզի մարզիկներէն Սթեֆըն Քարի իր կազմին հետ դաշտ ներկայացաւ միայն առաջին եւ չորրորդ մրցումին:
Յաջորդ հանգրուանին Ուորիըրզ իր դէմ պիտի ունենայ Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ մրցումին յաղթականը:
Նշենք, որ երէկ Պլէյզըրզ 108-98 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով այժմ 3-2 արդիւնքով կը գերազանցէ Քլիփըրզը:
Իր կարգին, Շարլոթ Հոռնեթց 3-2 արդիւնքով գերազանցեց Մայեմի Հիթը` 90-88 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք:


