Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան 101-Ամեայ Պայքարին Կտակով` ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւնները Կը Մասնակցին Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Ձեռնարկներուն

April 29, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

bm_42816

ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւնները մասնակցեցան իրենց շրջաններուն մէջ կազմակերպուած Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկներուն, նաեւ կազմակերպելով անհատական ձեռնարկներ` վեր առնելով հայ պատանիին գործօն մասնակցութիւնը համայն հայութեան պայքարի աշխատանքներուն:

Պատանեկան միութիւնները նաեւ իրենց մասնակցութիւնը բերին կեդրոնական քարոզչական ձեռնարկներուն: Այսպէս, շաբաթ, 23 ապրիլ 2016-ի յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին, պատանեկան միութիւնները միանալով երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններուն, իրենց բողոքը յայտնեցին Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտող Թուրքիոյ քաղաքականութեան դէմ` Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ ցոյց կատարելով: Ապա, միութիւնները հետիոտն ուղղուեցան Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Մայր տաճար` մասնակցելու երիտասարդական-ուսանողական հսկումին:

Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Լիբանանի պատանեկան միութիւններէն խումբ մը պատանիներ, ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին կազմակերպութեամբ, այցելեցին Պիքֆայայի վերանորոգուած Հայոց ցեղասպանութեան Նահատակաց ու վերածննդեան յուշարձանը, կիրակի, 24 ապրիլ 2016-ին, իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն եւ գոյատեւող սերունդներուն:  Պատանիները ծաղկեպսակ զետեղեցին Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն ու վերապրած նախահայրերու յիշատակին: Սոյն պատգամով Ընդհանուր վարիչ մարմինի խօսքը փոխանցեց Մարօ Մարգարեան, որ անդրադառնալով հայ  ժողովուրդի ենթարկուած բարբարոսութիւններուն, վեր առաւ անոր ցուցաբերած կամքը, հաւատքն ու պայքարի ոգին` հայ ժողովուրդին նուիրելով անոր արժանի անկախութիւնը:

«Պատմութեան սկիզբէն, Հայկ Նահապետէն մինչեւ Սասունցի Դաւիթ, Վարդանանց պատերազմէն մինչեւ Դաւիթ Բէկ եւ մինչեւ ազատագրական շարժում, մենք ունեցած ենք անձնուրացներ, որոնք բարձրացած են լեռները, զոհած են իրենց հանգիստն ու կեանքը, որովհետեւ հաւատացած են, որ առանց զէնքի չկայ հայոց փրկութիւն», ըսաւ ան եւ կոչ ուղղեց պատանիներուն ընդլայնելու պայքարը, դաշնակցական կորովով ու կարգապահութեամբ տէր կանգնելու մեր Դատին:

Ապա, փունջ մը յեղափոխական երգերով, պատանիները վերանորոգ կամքով սկիզբը դրին աշխատանքային նոր դաշտերու եւ «Սարդարապատ» յաղթերգով մեկնեցան` պայքարունակ սերունդներուն երթը շարունակելու սուրբ մարտահրաւէրով:

Երեկոյեան, պատանեկան միութիւնները մասնակցեցան Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին վրայ կազմակերպուած Ապրիլեան ոգեկոչման կեդրոնական ձեռնարկին` վերանորոգելով սուրբ նահատակներուն կտակը:

 

 

Նախորդը

Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին Հովանաւորութեամբ`. Սուրիահայ Աշակերտներու Գարնանային Դպրոց` Ազգ. Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճի Մէջ

Յաջորդը

Փօլ Ֆարշախի «Մեծ Սովը» Վաւերագրական Ժապաւէնի Առաջին Ցուցադրութիւնը

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։