
Մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պրիւքսէլի մէջ Եւրոպական խորհրդարանին առջեւ խօսք առնելով անդրադարձաւ Արեւելքի եւ յատկապէս միջինարեւելեան երկիրներու քրիստոնեաներու ապրած պայմաններուն եւ անոնց գոյատեւման սպառնացող մարտահրաւէրներուն` շրջանին մէջ արձանագրուող հաւատադրժողական ծայրայեղ խմբակներու ոճիրներու լոյսին տակ:
Ռայի պատրիարքը Եւրոպայի ու յատկապէս Միջին Արեւելքի ճակատագիրով մտահոգ երկիրներու ղեկավարներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց Լիբանանի եւ մերձակայ երկիրներու քրիստոնեաներու փրկութեան անհրաժեշտութեան վրայ: Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ Արեւելքը կը կենսագործէ իր երկու թեւերով` քրիստոնեայ-իսլամ տարրերու համերաշխ եւ դարաւոր բարեկամութեան ուղիով:


