Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կամար» Դաշնամուրային Երկեակը Տպաւորիչ Կերպով Ներկայացուց Հայկական Արժէքներ

April 23, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

GAMAR_42216

Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակի առիթով, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ եւ գործակցութեամբ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին, հինգշաբթի, 21 ապրիլի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի հոլ»-ին մէջ տեղի ունեցաւ «Կամար» դաշնամուրային երկեակին` դաշնակահարներ Կամիլա Երկանեան-Քէշիշեանի եւ Արմինէ Ապաճեան-Պասմաճեանի տպաւորիչ ելոյթը:

Ձեռնարկին հովանաւորն էր Լիբանանի մշակոյթի նախարար Ռեմոն Արայժի, նախագահութիւնը ստանձնած էին տէր եւ տիկին Յովիկ եւ Մարալ Քիւրքճեանները:

Նորաստեղծ  «Կամար»-ը, նախորդ տարուան իր անդրանիկ համերգէն ետք, այս անգամ արուեստասէր հանրութեան ներկայացաւ զուտ հայկական գլուխ գործոցներով` դաշնակի վրայ:

Բացման խօսքը արտասանեց Համազգայինի  Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սեպուհ Այնթապլեանը, որ ողջունեց ներկայութիւնը մշակոյթի նախարար Ռեմոն Արայժիին, Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանին, ինչպէս նաեւ բոլոր ներկաներուն: Ան շեշտը դրաւ ելոյթի ցանկին խորքային բովանդակութեան վրայ` ըսելով, որ մեր երաժշտութեան վերածնունդ տալով, առաջին հերթին մեր պարտքը կատարած կ’ըլլանք մշակութային ժառանգութեան եւ քաղաքակրթութեան պահպանման իմաստով, իսկ երկրորդ հերթին հաստատած կ՛ըլլանք մեր ամուր հաւատքը մեր արուեստին նկատմամբ եւ մեր կառչածութիւնը հայկական արժէքներուն: Աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին` իրենց աջակցութեան համար:

Յայտագիրին ընթացքին արուեստագէտները երկու անջատ դաշնակներու վրայ ներկաներուն հրամցուցին Արամ Խաչատուրեանի «Գայեանէ» ստեղծագործութիւնը, Ալեքսանտր Յարութիւնեանէն վեց կտորներ, Էտկար Յովհաննիսեանի «Ատաճիօ» ստեղծագործութիւնը, Ալեքսանտր Սպենդիարեանի «Ղայթարմա»-ն: Չորս ձեռքով մէկ դաշնակի վրայ միանալով դաշնակահարներ Կամիլա Երկանեան-Քէշիշեան եւ Արմինէ Ապաճեան-Պասմաճեան ներկայացուցին Առնօ Բաբաջանեանի «Նոքթիւրն»-ը եւ Էդուարդ Միրզոյեանէն երեք յատուկ ստեղծագործութիւններ` «Էմփրոմփթիւ», «Վալս» ու «Լեզգինքա»: Յայտագիրի վերջին կտորը հանդիսացաւ Ալեքսանդր Յարութիւնեան-Առնօ Բաբաջանեանի «Հայկական ռափսոտի»-ն:

Կամիլա Երկանեան-Քէշիշեան եւ Արմինէ Ապաճեան-Պասմաճեան շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ երկրորդ անգամն ըլլալով հրամցուցին նորաստեղծ «Կամար» դաշնամուրային երկեակին յատուկ երաժշտական վայելքը` մեծ ոգեւորութիւն պատճառելով հանդիսատեսներուն:

Ելոյթը աւարտեցաւ ջերմ ծափահարութիւններով, որոնց տարափին տակ Կամիլան եւ Արմինէն անգամ մը եւս բարձրացան բեմ եւ ներկայացուցին «Հայկական ռափսոտի»-ն:

 

 

 

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 101-Ամեակին Նուիրուած Աշակերտական Հաւաքին Վերահաստատուեցաւ Նոր Սերունդին Կառչածութիւնը Իր Սրբազան Դատին

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 101-Ամեակի Նշում Հայկազեան Համալսարանին Մէջ

RelatedPosts

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում
Գաղութային

Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.