Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փիթըր Պալաքեան Արժանացաւ «Փուլիցըր» Մրցանակին

April 22, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Peter-Balakian_42216Երկուշաբթի, ապրիլ 18-ի յետմիջօրէին, «Փուլիցըր» հիմնարկին կողմէ յայտարարուեցաւ, թէ Փիթըր Պալաքեանի «Օզոն Ճըռնըլ» բանաստեղծութիւններու հատորը արժանացած է այս տարուան «Փուլիցըր» հեղինակաւոր մրցանակին` բանաստեղծութեան անուանակարգի մէջ:

Հիմնարկը, որ լրագրութեան, խմբագրութեան, լուսանկարչութեան, երաժշտութեան, գրականութեան ու այլ անուանակարգերու մէջ տարեկան մրցանակներ կը շնորհէ, այս տարի կը տօնէ իր հարիւրամեակը:

Ակնարկելով Պալաքեանի գործին` մրցանակներու վարիչ Մայք Փրայտ յայտարարած է. «Բանաստեղծութեանց այս հաւաքածոն ականատես կը հանդիսանայ վաղեմի կորուստներու եւ ողբերգութեանց, որոնք ներկայ ժամանակներու համաշխարհային վտանգներուն եւ անորոշութեանց ետին կը կանգնին»:

Պալաքեանի «Օզոն Ճըռնըլ» հատորը, որ լոյս տեսած է «Շիքակօ» հրատարակչատունէն, հետաքրքրական կապեր կը գծէ Հայոց ցեղասպանութեան, Միացեալ Նահանգներու բնիկներուն, Նայրոպիի չքաւորներուն եւ այլ իրաւազուրկներու, ինչպէս նաեւ` կենսոլորտի ջերմութեան եւ «Սիտա» հիւանդութեան միջեւ` փորձելով կորուստներէն եւ աղէտներէն իմաստ մը պեղել:

«Քոլկէյթ» համալսարանի դասախօս Փիթըր Պալաքեանը հեղինակ է շարք մը այլ բանաստեղծական հատորներու, ինչպէս նաեւ ինքնակենսագրական` «Ճակատագրի սեւ շունը» հատորին, Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին Միացեալ Նահանգներու հակազդեցութեան նուիրուած «Այրող Տիգրիսը» պատմագիտական գործին ու արձակ այլ ստեղծագործութիւններու եւ յօդուածներու: Ան նաեւ թարգմանական աշխատանք կատարած է, ինչպէս` Գրիգորիս Պալաքեանի «Հայկական Գողգոթան»:

Անգլիագիր Պալաքեանի գործերը թարգմանուած են հայերէնի, արաբերէնի, պուլկարերէնի, ֆրանսերէնի, գերմաներէնի, յունարէնի, հոլանտերէնի, եբրայերէնի, ռուսերէնի, սերպ-խրուաթերէնի եւ թրքերէնի: Անոր «Ճակատագրի սեւ շունը» հատորը արժանացած է «ՓԵՆ-Ալպրենտ» մրցանակին:

«Էյ. Փի.»
Նիւ Եորք

Նախագահ Սարգսեան Ուղերձով Մը
Շնորհաւորած Է Փիթըր Պալաքեանը

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 19 ապրիլին շնորհաւորական ուղերձ յղած է Փիթըր Պալաքեանին` բանաստեղծութեան բնագաւառին մէջ 2016 թուականի «Փուլիցըր»-ի մրցանակին արժանանալուն առիթով:

«Համայն հայութեան համար սա նշանակալի իրադարձութիւն է, քանզի ամերիկահայ հանճարեղ գրող Ուիլիըմ Սարոյեանից յետոյ դուք երկրորդ տաղանդաշատ հայորդին էք, ով իր բարձրարժէք ստեղծագործութեամբ գրաւեց գրական հեղինակաւոր այս բարձունքը: Հայոց  ցեղասպանութեան թեման արծարծող «Օզոնի հանդէս» պոեմների ժողովածուն դարձաւ ձեր գրական ժառանգութեան տրամաբանական շարունակութիւնը:

«Հայոց ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցի նախօրէի այս իրողութիւնը լաւագոյն պատասխանն էր մէկ դար առաջ հայերի նկատմամբ իրականացուած ոճրագործութեան հեղինակներին ու նրանց յետնորդներին: Մրցանակը աշխարհին մէկ անգամ եւս յիշեցնում է վերածնուած մի ողջ ժողովրդի մասին, որն ապրում եւ հաստատում է մնայուն արժէքներ արարող իր էութիւնն այս մեծ աշխարհում», նշուած է շնորհաւորական ուղերձին մէջ:

 

Նախորդը

Թմրամոլութեան Դէմ Պայքարի Դպրոցական Սեմինար

Յաջորդը

Նամակ Երկրէն. Բանակի Հասունութիւնն Ու Քաղաքական Վերնախաւի Տհասութիւնը (1)

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.