Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քերրի Եւ Զարիֆ Յաջողած Են Յառաջընթացի Հասնիլ «Շարք Մը Առանցքային Հարցերու» Շուրջ

April 21, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Zarif-Kerry_41916

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտարարած է, որ իրանցի իր պաշտօնակից Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆի հետ Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին կարելի եղած է յառաջընթաց արձանագրել շարք մը առանցքային հարցերու շուրջ:

«Մենք բոլորս կ՛աշխատինք, որպէսզի Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրը (Իրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ համաձայնագիրը) կատարուի ճիշդ այնպէս, ինչպէս նախատեսուած է: Եւ որ համաձայնագիրի բոլոր կողմերը օգուտ ստանան ատկէ: Մենք այսօր քննարկեցինք շարք մը հանգուցային հարցեր, անոնց շուրջ հասանք որոշ յառաջընթացի: Մենք համաձայնեցանք հանդիպիլ 22 ապրիլին` կլիմայի վերաբերեալ համաձայնագիրի ստորագրումէն ետք, որպէսզի ամրապնդենք այն բաները, որոնց շուրջ մենք խօսեցանք», ըսած է Քերրի:

Զարիֆ իր կարգին հաստատած է, որ Քերրիի հետ հանդիպումին ընթացքին քննարկած է «հիւլէական ծրագիրին» վերաբերեալ համաձայնագիրի գործադրութեան հարցը:

«Մենք քննարկեցինք այն, թէ ինչպէ՛ս պիտի գործադրենք Իրանի վերաբերեալ Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրը, որպէսզի երաշխաւորուի, որ մենք պիտի ստանանք այն օգուտը, որուն իրաւունքը ունի Իրանը համաձայնագիրի իրագործումէն», ըսած է Զարիֆ:

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը նշէ, որ Իրանը իր հիւլէական ծրագիրին վերաբերեալ միջազգային ընտանիքին հետ համաձայնագիրի կնքումէն եւ միջազգային պատժամիջոցներու չեղեալ յայտարարուելէն ետք կը ձգտի մուտք ապահովել Միացեալ Նահանգներու ելեւմտական համակարգ: Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը առայժմ վերջնական որոշում չէ տուած այդ առնչութեամբ: Այդ որոշումին դէմ կ՛արտայայտուի Քոնկրեսի հանրապետական մեծամասնութիւնը:

 

Նախորդը

Բարի Լոյս 23. Արցախով Ապրուած Անմոռանալի Պահեր

Յաջորդը

Քաղաքապետական Ընտրութեանց Գծով Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Շրջանառութեան Դրաւ 1766 Թէժ Գիծը

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.