Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թորոս Ռոսլին» Կերպարուեստի Դպրոցի Աւանդական Միջդպրոցական Նկարչութեան Մրցումն Ու Մրցանակաբաշխութիւնը

April 21, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

26462439856_ddb40ff25d_o-(1)

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Թ. Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցին, շաբաթ, 16 ապրիլ 2016-ին` առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ, Համազգայինի «Լ. Շանթ» մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ գեղեցիկ եւ օգտաշատ աւանդութեան վերածուած միջդպրոցական նկարչութեան մրցանքը` մասնակցութեամբ լիբանանահայ բոլոր վարժարաններէն աշակերտներու, որոնք բաժնուած էին տարիքային երեք խումբերու` 6-8, 9-12 եւ 13-16 տարեկան:

TorosRoslin_41616

Աշակերտներու իւրաքանչիւր խմբակի ներկայացուեցաւ իրեն համար ընտրուած նիւթը. հետաքրքրական էր յատկապէս 13-16 տարեկաններուն համար ընտրուածը` ներկան եւ ինչպէ՞ս կը պատկերացնեն ապագան:

Մրցանքէն ետք, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-5:00, տեղի ունեցաւ աշակերտներու գործերու ցուցադրութիւնն ու մրցանակաբաշխութեան արարողութիւնը:

Այս առիթով խօսք առաւ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու վարչական տնօրէն Կարպիս Գապասաքալեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց  աշակերտներուն իրենց մասնակցութեան համար` մաղթելով, որ կը շարունակեն մօտիկ մնալ արուեստին, որովհետեւ անիկա կարեւոր դերակատարութիւն ունի մարդուն կեանքին մէջ: Ան ներկայացուց Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներուն, յատկապէս «Թորոս Ռոսլին»-ի գործունէութիւնը` զոյգ կեդրոններուն մէջ:

Մրցանակաբաշխութեան նաեւ խօսք առաւ «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի վարիչ Վազգէն Մուղալեան, որ բացատրեց այս նախաձեռնութեան նպատակը` գեղանկարչութեան շուրջ  համախմբել աշակերտները, ապա ներկայացուց իւրաքանչիւր խմբակին տրուած նիւթերը:

Օրուան հիւր արուեստագէտը եւ մրցանակակիրները որոշելու մէջ իր դերը ունեցած Միսաք Թերզեան խօսեցաւ հայ արուեստին կարեւորութեան մասին` դիտել տալով, որ նաեւ անոր շնորհիւ կը պահպանուին հայկական մշակութային  արժէքները:

Ա. խումբէն (6-8 տարեկան) առաջին հանդիսացաւ Յովսէփ Կիւրիւնեան (Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ), երկրորդ` Փաթիլ Թասլաքեան (Ազգ. Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան քոլեճ) եւ երրորդ` Սէրլի Մուղալեան (Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարան):

Իսկ Բ. խումբէն (9-12) առաջին դիրքը գրաւեց Քրիստ Փէփէեան (Ազգային Աբգարեան վարժարան), երկրորդը` Լուչիանա Ղազարեան (Հայ աւետ. կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան) եւ երրորդը` Հուրի Օհանեան (Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարան):

Վերջապէս, Գ. խումբի (13-16) առաջնութեան տիրացաւ Կարօտ Պէլեան (Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ), երկրորդ դիրքը գրաւեց Յակոբ Գասպարեան (Դարուհի-Յովակիմեան վարժարան), իսկ երրորդը` Ճօ Գարամինասեան (Հայ կաթողիկէ Հռիփսիմեանց վարժարան):

Յայտնենք, որ իւրաքանչիւր խումբէն առաջին հանդիսացող աշակերտը ստացաւ «Թ. Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի մէկ տարուան կրթաթոշակ, երկրորդը` կրթաթոշակէն 50 առ հարիւրը, եւ երրորդը` 25 առ հարիւրը: Բոլոր մասնակիցները «Ֆէյպըրքէսըլ» հաստատութենէն ստացան նուէրներ` տրամադրուած Պոսնոյեան հաստատութեան կողմէ:

 

Նախորդը

«Տաշիր» 500 Հազար Տոլար Կը Նուիրէ Արցախին, Իսկ Բոլոր Զոհուածներու Ընտանիքներուն` 2000-Ական Տոլար

Յաջորդը

Թեաթրոն Թատերախումբի Նախաձեռնութեամբ` «Վաճառորդի Մը Մահը» Տպաւորիչ Ներկայացումը

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

May 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.