Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երկօրեայ Իր Այցելութեան Աւարտին. Նախագահ Հոլլանտ Վերահաստատեց Իր Երկրին Զօրակցութիւնը Լիբանանի

April 18, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

1460904167_DSC6789

Շրջանի երկիրներուն տուած իր շրջապտոյտին ծիրին մէջ, Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ շաբաթավերջին երկօրեայ այցելութեամբ անջատ հանդիպումներ ունեցաւ լիբանանցի վարիչներուն հետ` վերահաստատելով իր երկրի զօրակցութիւնը Լիբանանի գերիշխանութեան ամրապնդման ու անդորրութեան հաստատման:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Թամմամ Սալամի կողքին Ֆրանսայի նախագահը նաեւ տեսակցութիւններ ունեցաւ երկրի զանազան կողմերու ղեկավարներուն եւ համայնքապետերուն հետ: «Լիբանանի եւ շրջանին համար էականը նախագահի ընտրութիւնն է, եւ մենք մեր կարելին պիտի ընենք երաշխաւորելու համար լիբանանցիներուն ապահովութիւնը», ըսաւ ան:

Նախագահ Հոլլանտ նաեւ այցելեց Պեքաայի շրջան, ուր այցելութիւն տուաւ սուրիացի գաղթականներու Տալհամիէ կայանը` մօտէն տեղեկանալու համար գաղթականներու ապրուստի պայմաններուն եւ հոն տիրող իրավիճակին: Նաեւ Զահլէի մէջ Հոլլանտ տեսակցեցաւ ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչին հետ` ընկերակցութեամբ Միջազգային կարմիր խաչի ներկայացուցիչ Մերէյ Ժերարի: Նախագահ Հոլլանտ յիսուն միլիոն եւրոյի յատկացում խոստացաւ սուրիացի գաղթականներու կացութեան բարելաւման համար: Ան թելադրեց գաղթականներուն` անպայման վերադառնալ իրենց տուները, ինչ որ սակայն «ձեզմէ կախեալ չէ»:

Նախագահ Հոլլանտի այցելութիւնը տեղի տուաւ թեր ու դէմ մեկնաբանութիւններու:

Մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը, որ այս առիթով յատուկ յուշագիր յանձնեց Ֆրանսայի նախագահին, «որոշ լրջութիւն» նկատեց Լիբանանի կացութեան գծով մտահոգ այս այցելութեան մէջ: Ան յորդորդեց Լիբանանի վարիչները` օգտուելու այս առիթէն եւ միակամօրէն լուծելու երկրի հրատապ հարցերը:

Միւս կողմէ, քաղաքական մեկնաբան Ճոնի Մնայար դիտել տուաւ, թէ Ֆրանսայի նախագահին այս նախանձախնդրութիւնը յատկապէս սուրիացի գաղթականներու կացութեան բարելաւման գծով կը բխի անոր մտավախութենէն` գաղթականներու դէպի Եւրոպա եւ յատկապէս Ֆրանսա հոսքէն: Նախագահական ժամկէտին գծով Մնայար ձեռնունայն նկատեց Հոլլանտի այս այցելութիւնը:

Նմանապէս, Հըզպալայի ղեկավարներէն շէյխ Մոհամետ Եազպեք Ֆրանսայի, ինչպէս նաեւ վերջերս Լիբանանի ուղղութեամբ կատարուած եւրոպական արեւմտեան դիւանագիտական եռուզեռը վերագրեց Ֆրանսայի ու առհասարակ Եւրոպայի մտավախութիւններուն` սուրիացի գաղթականներու դէպի իրենց կողմը հոսքէն:

Նշենք, որ Հոլլանտ պաշտպանութեան նախարար, փոխվարչապետ Սամիր Մուքպելի հետ Զահլէ մեկնումի պահուն եւ բանակի տրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի ներկայութեան խոստացած էր օժանդակել լիբանանեան բանակին եւ վերակենդանացնել սէուտական հովանաւորութեամբ Լիբանանի խոստացուած զինական սարքերու մատակարարման համաձայնագիրը:

Աւարտին, Հոլլանտ տեսակցեցաւ սուրիացի գաղթական ընտանիքի մը հետ եւ ապա Ռիաքի օդակայանէն մեկնեցաւ Գահիրէ:

Նախորդը

Բագրատունի Բարձր Գնահատեց Ղարաբաղի Առնչութեամբ Սալամի Դիրքը

Յաջորդը

Ըմբշամարտ. Հայաստանի Հաւաքականը Սերպիայէն Վերադարձաւ Ողիմպիականի Մէկ Վարկանիշով

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.