Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինչեւ Ե՞րբ

April 18, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՃԷՆԱՆԵԱՆ

Հայը մնայուն կերպով եղած է բողոքող կողմ` իրեն նկատմամբ կատարուած անարդարութիւններուն դէմ, դիմելով երկնային Աստուծոյ եւ աշխարհի մեծ պետութիւններուն: Ասիկա կրնայ բնական թուիլ սովորական պայմաններու մէջ, սակայն պէտք է գիտնանք, որ բողոքելը տկարին անօգուտ զէնքն է` իբրեւ կրաւորական կողմ, կատարուած չարիքներուն դէմ, եթէ նոյնիսկ անոր վայրագութիւնը իր գագաթնակէտին հասնի:

Դարերէ ի վեր հայուն կրած տառապանքները յաճախ արտայայտուեցան լացի ու ցաւի հառաչանքներով, բանաստեղծութիւն յօրինելով եւ լաւագոյն պարագային, մեծ պետութիւններու դեսպաններուն կամ նախագահներուն դիմելով` մեր վիճակին դարման խնդրելով:

Հայոց պատմութեան էջերէն մեզի դասեր կը փոխանցուին. օրինակ, Արշակ թագաւորի նշանաւոր եւ կարեւոր խօսքը` «Սահման քաջաց զէնն իւրեանց», Մեծն Տիգրանի փառապանծ բանակներուն յաղթական երթը (այլ հարց է, որ ինչո՞ւ հայը տակաւ ընկճուելով` այս օրերուն հասաւ), Վարդան Մամիկոնեանի նման զոհուելու պատրաստ, անզիջող ոգիի տէր սպարապետի տիպարը, հասնելով անցեալ դարու կամաւորական շարժման անվեհեր հերոսներուն, որոնք կռուեցան զէն ի ձեռին, եւ շատեր նահատակուեցան Հայաստան գոչելով, որովհետեւ խորապէս հաւատացին, որ` «միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն»:

Ահա վրայ հասան նաեւ այս վերջին իրադարձութիւնները Արցախի մէջ, ուր հայը փաստեց, որ սթափած է այլեւս Խրիմեան Հայրիկի շերեփի պատմութենէն` սորվելով կեանքի դաւանանքը եւ օրէնքը աշխարհին. եթէ ապրիլ կ՛ուզենք, պէտք ունինք ուժին, որմէ կը հասկնան մարդիկ, մանաւանդ թշնամին, որ թուրքէն կը ստանայ իր ցուցմունքները` կարծելով, թէ հայը միշտ ոչխարի պէս մորթուելու պատրաստ ժողովուրդ է: Սակայն Արցախի բանակը հարկ եղած արթնութիւնն ու քաջութիւնը ունեցաւ ցոյց տալու ազերիին, որ հայը փոխուած է, եղած է աւելի քան հայրենասէր, խիզախ, ներկայիս կիրարկուող զինուորական մեթոտներուն եւ զինական գործողութեանց համար անհրաժեշտ ու ազդու զէնքերու տէր է` ստիպելով թշնամին նահանջելու եւ հաշիւ ընելու, որովհետեւ հայկական բանակը դիմադարձելու եւ նոյնիսկ յաղթելու կարողութիւն ունի:

Արդ, կ’ողջունենք հայուն զէնքին հորիզոնն ի վեր բարձրացումը` յիշելով, որ թէեւ նախորդ դարուն անզէն հազար հոգի երկու թուրք ոստիկանի առջեւէն քալեցին գաղթականութեան ատեն, բայց եւ այնպէս այսօր հասած է պահը, որ զէնքի դիմաց զէնքով առնական կռիւ մղուի, եւ հայը ոչնչացնէ թշնամին անխնայ կերպով: Հերթը եկած է մեզի, որ ապրինք աշխարհի օրէնքով եւ լուծենք մեր վրէժը, որ սուրբ է արդարութեան համար, երբ թշնամին կ՛ուզէ չարիք հասցնել եւ նախայարձակ է:

Ուրեմն, հա՛յ զինուոր, քալէ՛ միշտ յառաջ, զա՛րկ ու զա՛րկ, մինչեւ որ արդարութիւնը գայ շառաչիւն ապտակով մը արձագանգելու քու զէնքիդ շառաչիւնին, եւ ստանաս օրհնութիւնը մեր բիւրաւոր նահատակներուն, որոնք իրենց վրէժի ուխտը փոխանցեցին քեզի:

Ուժդ եւ քաջութիւնդ անսպառ ըլլան, հա՛յ զինուոր:

 

 

Նախորդը

Հայ Համալսարանաւարտներու Համախմբումը Կը Դատապարտէ

Յաջորդը

Հայաստան Եւ Ռուսաստան. 2015-ի Գլխաւոր Փաստերը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.