Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեւանի Մէջ Տեղի Ունեցած Է Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութեան Զինուորական Կոմիտէի Նիստը

April 16, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

habg_41516

15 ապրիլին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) զինուորական  կոմիտէի հերթական` ութերորդ նիստը, որուն մասնակցած են ՀԱՊԿ անդամ պետութիւններու` Հայաստանի, Ռուսիոյ, Պիելոռուսիոյ, Ղազախստանի, Խըրխըզիստանի, Տաճիկիստանի զինուած ուժերու գլխաւոր հրամանատարութիւններու պատուիրակութիւնները, ՀԱՊԿ-ի քարտուղարութեան եւ Միացեալ հրամանատարութեան ներկայացուցիչները:

Նիստին մասնակցած են նաեւ ՀԱՊԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժան եւ ՀԱՊԿ-ի միացեալ հրամանատարութեան պետ, զօրավար-գնդապետ Անաթոլի Սիտորովը:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան համաձայն, ՀԱՊԿ-ի զինուորական կոմիտէի նիստին ընթացքին միտքեր փոխանակուած են Միացեալ հրամանատարութեան  գործունէութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքներուն վերաբերեալ, քննարկուած են նաեւ հաւաքական անվտանգութեան կովկասեան շրջանին մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան ապահովման հարցերը, զինուորական կոմիտէի նիստին մասնակիցները տեղեկացուած են ապրիլի սկիզբը ղարաբաղեան-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ ստեղծուած իրավիճակի մասին:

«Այդ առնչութեամբ հայկական կողմը իր մտահոգութիւնը յայտնած է հակառակորդի սանձազերծած զինուորական յարձակումներուն վերաբերեալ, ինչ որ բազմաթիւ զոհերու պատճառ դարձած է, նաեւ` խաղաղ բնակչութեան մէջ», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Ներկայացնելով նիստի ամփոփիչ արձանագրութիւնը` Հայաստանի Հանրապետութեան բանակի ընդհանուր հրամանատար, զօրավար-գնդապետ Եուրի Խաչատուրով նշած է, որ զինուորական  անվտանգութեան սպառնալիքները ՀԱՊԿ-ի պատասխանատուութեան գօտիին մէջ համալիր բնոյթ ունին եւ կը շօշափեն քաղաքական, տնտեսական, տեղեկատուական եւ կենսական նշանակութիւն ունեցող միւս մարզերը: Ատիկա խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ապահովման մեքանիզմները, հաւաքական անվտանգութեան շրջանին մէջ համարկումի հոլովոյթները կատարելագործելու անհրաժեշտութիւն կը յառաջացնէ:

Հայաստանի բանակի ընդհանուր հրամանատար, զօրավար-գնդապետ Եուրի Խաչատուրով նաեւ փաստած է, որ նկատի առնելով գոյութիւն ունեցող ռազմաքաղաքական  իրավիճակը եւ Կովկասեան շրջանին մէջ վերջին իրադարձութիւնները` նիստին ընթացքին նախանշուած են հետագայ աշխատանքները` ուղղուած ՀԱՊԿ-ի զինուորական բաղադրիչի զարգացման:

Վերոնշեալ հարցերուն առնչութեամբ քննարկումներ կատարելու եւ միտքեր փոխանակելու նպատակով Հայաստան գտնուող ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւններու` Ռուսիոյ, Պիելոռուսիոյ, Ղազախստանի, Խըրխըզիստանի, Տաճիկիստանի զինուած ուժերու գլխաւոր հրամանատարութիւններու   պատուիրակութիւններու ղեկավարները 15 ապրիլին ընդունուած են Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի եւ Հայաստանի բանակի ընդհանուր հրամանատար, զօրավար-գնդապետ Եուրի Խաչատուրովի կողմէ:

Պատուիրակութիւններուն ղեկավարները այցելած են նաեւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր` յարգանքի տուրք մատուցելու Մեծ եղեռնի զոհերու յիշատակին:

 

Նախորդը

Ազրպէյճանի Բանակին Մէջ Կռուող Թալիշները Արցախի Կռիւը Իրենց Պատերազմը Չեն Համարեր

Յաջորդը

Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան Նախարարութիւն. Խախտումները Կը Վերածուին Միջադէպերու, Զոհուած Է Զինուոր Մը

RelatedPosts

Իշխան Սաղաթէլեան Հանդիպեցաւ Եւրոպայի  Ընկերվարականներու Կուսակցութեան  Ընդհանուր Քարտուղարի Տեղակալին
Գլխաւոր լուրեր

Իշխան Սաղաթէլեան Հանդիպեցաւ Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութեան Ընդհանուր Քարտուղարի Տեղակալին

October 16, 2026
Ալիեւ. «Եւրոպական Խորհրդարանը Մշտապէս  Կը Թիրախաւորէր Շարունակուող Յարձակումի Զոհ  Դարձած Ազրպէյճանը Եւ Կը Խրախուսէր  Նախայարձակը` Հայաստանը»
Հայկական

Ալիեւ. «Եւրոպական Խորհրդարանը Մշտապէս Կը Թիրախաւորէր Շարունակուող Յարձակումի Զոհ Դարձած Ազրպէյճանը Եւ Կը Խրախուսէր Նախայարձակը` Հայաստանը»

October 16, 2026
Իշխան Սաղաթէլեան Եւրոպական Խորհրդարանի  Անդամներուն Հետ Քննարկեց Հայաստանի  Եւրոպական Համարկման Գործընթացը
Գլխաւոր լուրեր

Իշխան Սաղաթէլեան Եւրոպական Խորհրդարանի Անդամներուն Հետ Քննարկեց Հայաստանի Եւրոպական Համարկման Գործընթացը

October 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.