Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի «Հոգատար Մօր» Կերպարը Վերակենդանացնելու Փորձով. Ֆրանսայի Նախագահը Այսօր Կ՛այցելէ Լիբանան

April 16, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Hollande_41516

Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ այսօր կ՛այցելէ Լիբանան, ուր զանազան հանդիպումներ պիտի ունենայ երկրի վարիչներուն եւ համայնքապետերուն հետ:

Հոլլանտ Լիբանանի նախագահական թափուր աթոռի «թնճուկ»-ին սկիզբէն ի վեր առաջին նախագահն է, որ պաշտօնապէս կ՛այցելէ Լիբանան: 2012-ին Հոլլանտ քանի մը ժամով այցելած էր Լիբանան, սակայն այս անգամ անոր այս այցելութիւնը  կը մեկնի մէկէ աւելի նկատառումներով:   Արաբական երկիրներուն տալիք իր շրջանային շրջապտոյտին ծիրին մէջ նախագահ Հոլլանտ կը միտի «ճեղք մը» բանալ նախագահական աթոռի հարցին գրեթէ «քարացած» կարգավիճակին վրայ: Կարգ մը դէտեր լիբանանցի վարիչներուն կը թելադրեն «օգտուիլ այս առիթէն, որովհետեւ նոր Տոհայի համաձայնութիւն մը հաւանական չի թուիր», յայտնապէս ակնարկելով 2007-ին Տոհայի մէջ որդեգրուած միջլիբանաեան համաձայնութեան, որ օրին պսակուած էր նախագահի ընտրութեամբ:

Նաեւ կ՛ակնկալուի, որ Հոլլլանտի այցելութիւնը անդրադառնայ սէուտական նուիրատուութեամբ Լիբանանին տրամադրուելիք ֆրանսական զինական կազմածներու եւ սարքերու «առկախուած» պայմանագրութեան վերակենդանացման:

Նաեւ Հոլլանտ պիտի փորձէ լիբանանցի վարիչներուն հետ իր խորհրդակցութեանց ընթացքին քննել  Լիբանանի ընկերային- տնտեսական հարցերն ու այս գծով Ֆրանսայի կողմէ օժանդակութեան կարելիութիւնները, յատկապէս կեդրոնանալով սուրիացի գաղթականներու հետզհետէ «ուռճացող» երեւոյթին եւ անոր քաղաքական հետեւանքներուն վրայ:

Շրջանը, Եւրոպան, չըսելու համար համայն աշխարհը մտահոգող ահաբեկչութեան  դէմ պայքարելու նորանոր զինակիցներու իր փնտռտուքին մէջ, Ֆրանսայի նախագահը նաեւ կը միտի վերամրապնդել շրջանային հարցերու լուծման իր երբեմնի դերակատար հանգամանքի հմայքը:

Այլ խօսքով, այս եւ նման հարցերու արծարծումով եւ յուսադրիչ խոստումներով Հոլլանտ պիտի փորձէ վերամրապնդել իր երկրին երբեմնի «Լիբանանի հոգատար մօր» վարկն ու դիմագիծը:

Նշենք, որ այս գծով Ֆրանսայի դեսպանն ու ֆրանսացի մէկէ աւելի պատուիրակներ եւ այցելուներ կ՛այցելեն Լիբանան, նախագահ Հոլլանտի այցելութեան յաջողութեան առաջադրանքով:

Նախորդը

Մամլոյ Ասուլիս Մը Տալով, Հիւսէյն Հիւսէյնի Առաջարկեց Միամեայ Փորձառական Շրջանի Նախագահ Ընտրել

Յաջորդը

Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութենէն Կը Պահանջեն Յայտնել Սեփական Կորուստներուն Յստակ Թիւը

RelatedPosts

Լիբանանեան Ուժերու Նախարարները  Հեռացան Կառավարութեան Նիստէն
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանեան Ուժերու Նախարարները Հեռացան Կառավարութեան Նիստէն

October 16, 2026
Այզենքոթ. «Փէյճըր»-ներու Գործողութիւնը  50 Անգամ Գերազանցող Ծրագիր Մշակեցինք,  Սակայն Նեթանիահուն Վախցաւ Այդ Քայլին Դիմելու»
Լիբանանեան

Այզենքոթ. «Փէյճըր»-ներու Գործողութիւնը 50 Անգամ Գերազանցող Ծրագիր Մշակեցինք, Սակայն Նեթանիահուն Վախցաւ Այդ Քայլին Դիմելու»

October 16, 2026
Ֆատլալլա. «Տահր Պայտարի Ինքնաշարժի  Կանգնեցման Առաջին Պահէն Պատկան  Մարմիններուն Հետ Կապ Հաստատեցինք  Եւ Տեղեկացուցինք, Թէ Ինքնաշարժը  Դիմադրութեան Կը Պատկանի»
Լիբանանեան

Ֆատլալլա. «Տահր Պայտարի Ինքնաշարժի Կանգնեցման Առաջին Պահէն Պատկան Մարմիններուն Հետ Կապ Հաստատեցինք Եւ Տեղեկացուցինք, Թէ Ինքնաշարժը Դիմադրութեան Կը Պատկանի»

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.