
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Պորուսիա Տորթմունտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան Լիվըրփուլի դէմ տեղի ունենալիք «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի դարձի մրցումին անդրադառնալով ըսաւ.
«Պունտըսլիկա»-ի 29-րդ հանգրուանին Շալքէի հետ մեր արձանագրած հաւասարութիւնը (2-2) այդքան ալ լաւ չեմ սեպեր, որովհետեւ յաղթանակը աւելի լաւ պիտի ըլլար, որպէսզի աւելի բարձր տրամադրութեամբ ճակատէինք Լիվըրփուլի դէմ:
«Այս տարեշրջանին 24-րդ կոլի փոխանցումս թէեւ սքանչելի էր ինծի համար, սակայն եթէ յաղթէինք, շատ աւելի լաւ կ՛ըլլար:
«Կը կարծեմ, որ մեր կատարած այդ մրցումին կրնայինք յաղթել»:


