
WBO-ի վերկածով 2-րդ կիսամիջին կարգի աշխարհի ախոյեան Արթուր Աբրահամ նախորդ շաբաթավերջին իր կատարած մենամարտին պարտուեցաւ մեքսիքացի Խիլպերթօ Ռամիրեզէն:
Լաս Վեկասի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) արձանագրուած այս պարտութիւնը Աբրահամին զրկեց ախոյեանութեան գօտիէն:
12 ռաունտերէ ետք տեղի ունեցած այս մենամարտին, Աբրահամի մրցակիցը յաղթեց 120-108, 120-108 եւ 120-108 արդիւնքով:
ArmSport.am կայքը եզրափակեց նշելով, որ Ռամիրեզ կռփամարտի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին ցարդ անպարտելի է:


