Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լաւրով Եւ Նալբանդեան Քննարկած Են Շփման Գիծի Վերջին Օրերու Իրադարձութիւնները

April 9, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Nalbandian_Lavrov_40816

Աշխատանքային այցելութեամբ Մոսկուա գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 8 ապրիլին հանդիպում ունեցած է իր ռուս պաշտօնակիցին` Սերկէյ Լաւրովի հետ:

Նախարարները քննարկած են ղարաբաղեան տագնապի գօտիին մէջ իրավիճակի լարման վերաբերեալ վերջին օրերուն եղած քննարկումները:

Էդուարդ Նալբանդեան ընդգծած է, որ Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած լայնածաւալ զինուորական գործողութիւններուն իբրեւ հետեւանք լուրջ հարուած հասցուած է ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման բանակցային հոլովոյթին եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու ջանքերուն:

Սերկէյ Լաւրով նշած է, որ իրավիճակի սրումին սկիզբէն Ռուսիան ջանքեր ի գործ դրած է կրակի դադրեցման ուղղութեամբ: Ան անընդունելի նկատած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ ուժի կիրարկումը` կարեւոր նկատելով զինուորական գործողութիւններու դադրեցման մասին պայմանաւորուածութեան պահպանումը եւ նման իրավիճակներու կրկնութեան բացառումը, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափով բանակցային հոլովոյթի շարունակութեան համար համապատասխան պայմաններու ստեղծումը:

Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարները կարեւոր նկատած են զինադադարի դրութեան ամրապնդման ուղղութեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն կողմէ կատարուած առաջարկներու իրագործումը: Սերկէյ Լաւրով Էդուարդ Նալբանդեանը տեղեակ պահած է Պաքուի մէջ տեղի ունեցած ռուս-ազրպէյճանական հանդիպումներուն մասին:

Նոյն օրը, Հակաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նախագահ Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպում ունեցած է ՀԱՊԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժայի հետ, որուն ներկայացուցած է Արցախի դէմ Ազրպէյճանի զինուորական գործողութիւններուն իբրեւ հետեւանք ստեղծուած իրավիճակը:

Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ ՀԱՊԿ-ի մէջ Հայաստանի նախագահութեան, կազմակերպութեան օրակարգային հարցերուն:

«Միշտ Չէ, Որ ԱՊՀ-ն Արդարացուցած Է
Ակնկալութիւնները»

Nalbandian_OSCE_40816

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 8 ապրիլին Մոսկուայի մէջ ելոյթ ունեցած է ԱՊՀ-ի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի հերթական նիստին ընթացքին` յատկապէս շեշտելով, որ իր գոյութեան տարիներուն ԱՊՀ-ն ստանձնած է քաղաքական, տնտեսական, մարդասիրական եւ այլ հոլովոյթներու մէջ դրական դերակատարութիւն, սակայն միշտ չէ, որ արդարացուցած է ակնկալութիւնները: Կարելի չէ եղած կանխել շարք մը բացասական երեւոյթներ, որոնք առկայ են բազմաթիւ հիմնական հարցերու մէջ, որոնց կարգին` անվտանգութեան մարզին մէջ. նախարարը հաստատած է, որ այս երեւոյթին վառ դրսեւորումներէն մէկը ղարաբաղեան տագնապն է:

Անդրադառնալով Ազրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ սանձազերծուած զինուորական գործողութիւններուն` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը յայտնած է. «Վերջին օրերուն տեղի ունեցած իրադարձութիւնները ո՛չ միայն պատճառ եղան մարդկային կորուստներու եւ ճգնաժամի խորացման, ո՛չ միայն յղի են երկարաժամկէտ ապակայունացումով, այլ նաեւ կրնան նոր մարտահրաւէր դառնալ միջազգային, որոնց մէջ մարդասիրական իրաւունքին, ո՛չ միայն ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ միջազգային իրաւունքի հիմնարար փաստաթուղթերու դրոյթներուն, այլ նաեւ` ԱՊՀ-ի կանոնադրութեան, որուն մէջ նոյնպէս ամրագրուած է վէճերու եւ տագնապներու խաղաղ լուծումը»:

Նալբանդեան նշած է, որ այս իրադարձութիւնները տեղի ունեցան այն պատճառով, որ ԱՊՀ¬ի մէջ գործնականօրէն բոլորը չեն կիսեր այս մօտեցումը: «Արցախի դէմ Պաքուի կողմէ վերջին օրերուն սանձազերծուած լայնածաւալ յարձակողական գործողութիւնները կը խախտեն նոյնինքն Ազրպէյճանի կողմէ ստորագրուած զինադադարի 1994 թուականի եւ զինադադարի ամրապնդման 1995 թուականի եռակողմանի անժամկէտ համաձայնագիրները. ի միջի այլոց, առաջին համաձայնագիրին նախաձեռնութիւնը եղած  է ԱՊՀ-ի միջխորհրդարանական վեհաժողովի ծիրին մէջ: Սանձազերծուած յարձակման առաջին իսկ ժամերէն միտումնաւոր եւ բացայայտ թիրախ ընտրուած էին քաղաքացիներուն ինչքերը, տուժեցին քաղաքացիներ, որոնց կարգին` երեխաներ եւ ծերեր», ընդգծած է Նալբանդեան:

Արտաքին գործոց նախարարը դիտել տուած է, որ խնդիրը բացառապէս խաղաղ ճամբով լուծելու վերաբերեալ միջազգային հանրութեան բազմաթիւ կոչերը բոլորովին ոտնահարուեցան Ազրպէյճանի կողմէ: Ակնյայտ է, որ այս բոլորը լուրջ վնաս կը հասցնեն բանակցային հոլովոյթին եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն ջանքերուն: «Մենք բազմիցս միջազգային հանրութեան ուշադրութեան յանձնած ենք այս տրամադրութիւնները եւ կոչ ուղղած` կանխելու Պաքուի ռազմատենչ նկրտումները` նկատի ունենալով իրավիճակի նման զարգացում մը, որուն ականատեսը եղանք այս օրերուն»:

Է. Նալբանդեանի համաձայն, աւելի քան երբեք հրամայական դարձած է տեղի ունեցածին կրկնութեան բացառումը` ապագային, խնդիրի զինուորական լուծման վտանգաւոր փորձերէն հրաժարումը, խաղաղ լուծումներ գտնելու վերաբերող ջանքերը:

 

 

Նախորդը

Նախարար Օհանեան Կարեւոր Նկատած Է Իրաւաբանօրէն Պարտաւորեցնող Համաձայնագիրի Առկայութիւնը

Յաջորդը

Արմէն Ռուստամեան. «Պէտք Է Պատրաստ Ըլլալ Ազրպէյճանի Կողմէ Նոր Արկածախնդրութիւններու»

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.