
Զինուորական ատեանը երէկ նախկին նախարար Միշել Սմահայի դէմ արձակեց իր վերջնական վճիռը, որուն լոյսին տակ Սմահա դատապարտուեցաւ տաժանակիր աշխատանքով 13 տարուան բանտարկութեան` զրկուելով քաղաքացիական իր բոլոր իրաւունքներէն, ինչպէս նաեւ գրաւուեցան անոր բոլոր ինչքերն ու գումարները եւ փոխանցուեցան լիբանանեան բանակին:
Վճիռին մէջ նշուեցաւ, որ Սմահա դատապարտուած է լիբանանեան հողերուն վրայ թէ երկրէն դուրս զինեալ խմբաւորումներ ունենալու, քաղաքացիներ, հոգեւորականներ եւ երեսփոխաններ սպաննելու, ինչպէս նաեւ ահաբեկչական արարքներ ծրագրելու միտումի յանցանքով:
Սմահայի պաշտպան իրաւաբան Սախր Հաշեմ շեշտեց, որ Սմահայի դէմ արձակուած վճիռը համաձայնութեան մը հետեւանք է, եւ անիկա անարդար վճիռ է:
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի շեշտեց, որ Սմահայի դէմ արձակուած այս վճիռը կը սրբագրէ նախկին վճիռը, որ «մերժելի էր եւ որուն դիմաց մեր լուռ չմնալուն մասին յայտնած էինք:
Ահաբեկիչ Սմահան այսօր կը վերադառնայ բանտ, որ բոլոր ոճրագործներուն եւ Լիբանանի դէմ սադրիչ արարքներ նիւթողներուն բնական վայրն է»:
Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք յայտնեց, որ Սմահայի դէմ արձակուած վճիռը կը փաստէ Զինուորական ատեանին եւ անոր նախագահ դատաւորին նկատմամբ մեր վստահութիւնը:
Հրաժարեալ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի շեշտեց, որ իրենք իրենց ուղեգիծով պիտի շարունակեն գործել, մինչեւ որ արդար պետութիւն հիմնուի:
Ռիֆի յայտնեց, որ Սմահայի դէմ արձակուած վճիռը լիբանանցիներուն համար ուրախալի է, որովհետեւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի եւ Ալի Մեմլուքի գործակալը վերադարձաւ բանտ:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ նշեց, որ դատական իշխանութիւնները սկսած են շարժիլ Սմահայի թղթածրարին առումով, սակայն արդեօք անոնք պիտի շարունակե՞ն փտածութեան այլ թղթածրարներ հետապնդել:
Ընդհանուր ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ժամիլ Սէյիտ շեշտեց, որ Սմահայի մասին իր կարծիքը կը մնայ անփոփոխ` աւելցնելով, որ Սմահան 13 տարուան բանտարկութեան դատապարտելու եւ Արսալէն Պէյրութ ականուած ինքնաշարժ մը վարող Ժումանա Հմայյէտը ազատ արձակելու որոշումները քաղաքականութիւն կը նկատուին եւ ոչ արդարութիւն:
Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ անդրադառնալով Սմահայի դէմ արձակուած վճիռին յայտնեց, որ անիկա քաղաքական որոշում մըն է, որ ճնշումի տակ տրուած է:


