Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԿՈՄԻՏԱՍԵԱՆ ՅՈՐԴԱՌԱՏ ԱՆՁՐԵՒ ԳԷՈՐԳ ՀԱՃԵԱՆԻ ԵՐԳԱՀԱՆԴԷՍԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

September 13, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անձրեւեց Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ եւ ի՜նչ անձրեւ` մաքուր, յստակ, հայկական: Կոմիտասեան անձրեւ տեղաց` Գէորգ Հաճեանի հարազատ ձայնով:

Բոլոր անոնք, որոնք առիթ ունեցան լսելու Գէորգ Հաճեանի կատարումները, դաշնակի ընկերակցութեամբ Յասմիկ Գասպարեանի եւ Տաթեւիկ Արթինեանի, ապրեցան վայելքի բացառիկ պահ մը. տպաւորիչ, հոգի լեցնող հայկական երգեր արձագանգեցին Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ կամարներուն տակ: Հայկական հարազատ եւ հոգեպարար մեղեդիները թափանցեցին սրտերը ունկնդիրներուն, որոնք որոտընդոստ ծափերով եւ ուռա՜ներով իրենց խանդավառութիւնը արտայայտեցին:

Ո՞վ ըսաւ, որ կոմիտասեան երգը ունկնդիր չունի. ո՞վ ըսաւ, որ դասական կատարումները գնահատողներ չկան, եկեղեցին կը յորդէր բազմութեամբ, որոնք եկած էին փաստելու վերոյիշեալ ենթադրութեան հակառակը:

Գէորգ Հաճեանը վերակենդանացուց կոմիտասեան հարազատ երգը, որ մերթ «Էս առուն» էր, մերթ «Շողեր ջան», մերթ «Ձայն տուր ով ծովակ»:

Ունկնդիրները փոխադրուեցան երկիր, անցան հայ շինականի առուներէն, հանդիպեցան տխուր ծովակին, քալեցին դէպի սարերը, հանդիպեցան «Չինար եար»ին, խմեցին անուշ աղբիւրներու ջուրերը, «Հայր մեր» աղօթեցին եւ վերջապէս «Բամբ որոտան»ով «Ի զէն ի վրէժ» գոռացին…

Գէորգ Հաճեան յաջողեցաւ հայու հոգիին հարազատ ձայնը հնչեցնել կատարումի բացառիկ ոճով ու ձայնի զուլալ, մաքուր եւ հրեշտակային ալիքներով:

Այո՛, Կոմիտասը երգեց «Հայր մեր 1915 թ.», «Լէ, լէ եաման»ը, իսկ «Հայաստան»ը ներկայացաւ իսկական դրախտավայր` անկրկնելի կատարումով, զոր կարելի չէ բառերով բացատրել:

Թնդաց հայ եկեղեցին «Հայաստան»ով, թնդացին բոլորին սրտերը…

Գէորգ Հաճեանը երգեց Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ Մուսա լերան հերոսամարտի 96-ամեակին առիթով, կազմակերպութեամբ Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակի Կեդրոնական մարմնին: Ճիշդ է, որ ան երգեց իր գիւղին մէջ եւ իր հարազատ ժողովուրդին համար, սակայն Գէորգին երգը երկրաշարժի կեդրոնի պէս Այնճարէն տարածուեցաւ` հասնելով իսկական հայ երգի բոլոր հաւատացեալներուն:

Գէորգ Հաճեանը կոչուած է գրաւելու բոլոր բեմերը, նոյնիսկ ամէնէն դժուարները:

Յաղթական երթը կը շարունակուի, պիտի շարունակուի յաղթանակէ-յաղթանակ:

Ե. ՀԱՒԱԹԵԱՆ

11 սեպ. 2011
Այնճար

Նախորդը

23-25 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆ ՊԻՏԻ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԷ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՍԻՈՅ ԱԹԼԵԹԻԶՄԻ ԿՐՏՍԵՐՆԵՐՈՒ ԱՌԱՋԻՆ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Յաջորդը

«ԱԶԴԱԿ»Ի ՖՈՆՏԻՆ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.