Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ. ՎԱԽՆԱԼԸ ԼԱՒ Է

September 13, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բնաւ պիտի չվախնամ գրելէ, որ վախնալը լաւ է: Պիտի չվախնամ այսպէս գրելէ, որովհետեւ վստահ եմ, որ շատեր ինծի հետ համակարծիք պիտի ըլլան: Վախնալը լաւ է: Աւելի լաւ է, քան` չվախնալը: Վախնալը լաւ է: Բայց պայմանաւ որ այդ վախնալը չնոյնանայ վախկոտութեան հետ: Ամէն վախցող անպայման վախկոտ չէ: Վախկոտ որակականը ժխտական իմաստ մը ունի: Իսկ մենք կը խօսինք ուրիշ վախկոտութեան մը մասին, որ դրական շունչ մը ունի իր մէջ: Այդ երկրորդ տեսակին մէջ վախնալը լաւ է, որովհետեւ հոն վախկոտութիւնը կը նոյնանայ վտանգի մը գոյութեան գիտակցութեան հետ: Այս գիտակցութիւնը գովելի է: Այդ գիտակցութիւնը մեզ կրնայ փրկել բազմաթիւ վտանգներէ ու չար հետեւանքներէ: Որովհետեւ խելացի մարդը կը վախնայ, եթէ գիտակից է, թէ սա կամ նա պատահարին մէջ սա կամ նա վտանգը կայ: Կը վախնայ ու կը դիմէ որոշ զգուշութեանց: Իսկ ան, որ գիտակցելով հանդերձ վտանգին, չի վախնար ու աչքը գոց կը նետուի վտանգին մէջ, այդ մէկը թերեւս շատ քաջարի է, թերեւս հերոս է, բայց թերեւս նաեւ շատ տգէտ է կամ շատ չար է, կամ շատ անզգամ է, կամ վայրենի: Պիտի չուզէի ըլլալ այդպիսի մէկու մը տեղը, նոյնիսկ եթէ վստահ ըլլայի, որ այդ քաջութիւնը զիս պիտի հասցնէր փայլուն տեղ մը:

Վտանգի գոյութեան գիտակից ըլլալը մեծ իմաստութիւն ու խելք չի պահանջեր մեզմէ: Ամէն մահկանացու, ամէնէն զարգացած մարդէն մինչեւ ամէնէն անուսը, ամէն մահկանացու գիտէ, թէ կեանքի պատահարները վտանգներով լեցուն են ու այդ վտանգները երբեմն կրնան ունենալ շատ  չար հետեւանքներ: Ամէն մարդ գիտէ: Բայց ամէն մարդ նոյն կեցուածքը չունի վտանգին դիմաց: Ոմանք զգուշաւոր ու շրջահայեաց են, ոմանք` խիզախ ու անվախ: Վտանգի գոյութեան գիտակից ըլլալը խելք չի պահանջեր մեզմէ, բայց ատոր փոխարէն` կը պահանջէ զգուշաւոր ըլլալ, պաղարիւն ու հեռատես ըլլալ, համբերատար ըլլալ: Եթէ ունինք այս յատկութիւնները, զանոնք կը գործածենք ամէն վտանգաւոր կացութեան դիմաց:

Ես անձնապէս վախնալու գաղափարը կը նոյնացնեմ զգուշաւոր ըլլալու գաղափարին հետ, որովհետեւ մէկ երկվայրկեան իսկ չեմ կրնար մոռնալ, որ կեանքի պատահարներուն մէջ կան վտանգաւորներ, որոնք կրնան չար հետեւանքներ ստեղծել, ուստի պէտք է զգուշ ըլլալ: Եթէ շուրջս երկու հոգի խնդրի մը մասին տարակարծութիւն յայտնեն, կը վախնամ, որ անհաճոյ բանավէճ մը կրնայ ծագիլ անոնց միջեւ: Եթէ շուրջս երկու հոգի սկսին վիճաբանիլ. կը վախնամ, որ կռիւ մը կրնայ ծագիլ անոնց միջեւ: Եթէ շուրջս կռիւ մը ծագի, կը վախնամ, որ կռուազանները կրնան զէնք գործածել իրարու դէմ: Եթէ երկու հոգի իրարու դէմ զէնք գործածել սկսին, կը վախնամ, որ սպանդ մը, մահ մը կրնայ պատահիլ: Այստեղ ես իմ անձիս հաշուոյն չէ, որ կը վախնամ: Ո՛չ: Թերեւս այդ երկու հոգիին կռիւէն ինծի որեւէ վնաս պիտի չհասնի: Ես կը վախնամ կռուողներու հաշուոյն: Եւ միայն այդ չէ: Միայն անոնց գալիք չարիքէն չէ, որ կը վախնամ: Ես կը վախնամ ընդհանուր չարիքէն, կը վախնամ աշխարհի բոլոր մարդոց գլուխներուն վերեւ կախուած չար բաներէն, որովհետեւ չեմ սիրեր այդ չար բաները եւ կը վախնամ, որ չար բան մը կրնայ պատահիլ շուրջս: Հոգ չէ թէ` ուրիշին: Ես կը վախնամ ամէն տեսակ չար բանէ:

Բայց ո՞վ կրնայ արգելք ըլլալ չար բաներուն, եթէ անոնք պիտի պատահին մեր կամքերէն անկախ կերպով: Մեր ամբողջ կեանքը, նաեւ մեր ամբողջ առօրեան, լաւ բաներու ու չար բաներու խառնարան մըն է: Ալ չեմ հաշուեր թէ քառասուն,  յիսուն տարուան կեանքի մը ընթացքին քանի՞ անգամ վախցայ լրջօրէն, քանի՞ անգամ զգացի, որ սիրտս վեր կ՛ելլէր ահաւոր կերպով, քանի՞ անգամ զգացի, որ սրտիս մէջ թել մը կը փրթէր: Բայց գոնէ կ՛ուզեմ հաշուել, թէ ամէն օր քանի՞ անգամ կը զգանք նոյնը: Անխուսափելիօրէն: Հեռատեսութեամբ կամ անհեռատեսութեամբ: Անճարակութեամբ կամ հակառակ մեր ճարտարութեան ու խոհեմ կեցուածքին: Կ՛ուզեմ հաշուել: Կ՛արժէր, որ մարդ իրիկունը անկողին մտնելէ առաջ պահ մը հարց տար ինքն իրեն. «Այսօր քանի՞ անգամ վախցայ»: Բարեբախտութիւն է, որ չենք հարցներ: Որովհետեւ վախկոտ կամ քաջարի, զգուշաւոր կամ արկածախնդիր` բոլորս ալ ունինք յատկութիւն մը: Երբ վտանգը կ՛անցնի, ամէն ինչ կը մոռնանք:

Եթէ այդ յատկութիւնը չունենայինք, կրնայի՞նք ապրիլ անդորր կեանք մը, երջանկութիւն ըսուածը գոյութիւն կ՛ունենա՞ր աշխարհի վրայ, կրնայի՞նք փողոցին դուռը բանալ ու դուրս ելլել:

Ամէն անգամ որ կեանքիս մէջ երջանկութիւն մը ապրեցայ, միշտ վախցայ, որ այդ երջանկութիւնը շուտով կրնամ կորսնցնել: Երանի՜ թէ չվախնայի, բայց վախցայ: Այդ վախը միշտ ալ քիչ մը խանգարեց այն երջանկութիւնը, զոր զգացի: Բայց ատոր փոխարէն անիկա բան մըն ալ շահեցուց ինծի: Զգացուց, թէ որքա՛ն լաւ է երջանկութիւնը, եւ թէ` ինչպէ՛ս պէտք է մենք լաւ գիտնանք ամէն երջանկութեան արժէքը:

Կրնանք չվախնալ վախնալէ, բայց կրնանք նաեւ չվախնալ գնահատելէ ամէն երջանկութեան արժէքը: Արժէք գիտնալը լաւ է: Մարդ կը պաշտպանէ միայն այն, ինչ որուն արժէքը գիտէ: Միայն այն, զոր կը սիրէ:

Ռ. Հ.

[email protected]

Նախորդը

«ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ, ՈՐ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐ ՄԸ ՇԱՏ ԱՒԵԼԻ ՈՒԺ ՈՒՆԻ, ՔԱՆ` 300 ԷՋՆՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՄԸ, ԱՏՈՐ ՀԱՄԱՐ ՆԱԽԱՁԵՌՆԵՑԻ ԱՅՍ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻՆ» «ԱԶԴԱԿ»ԻՆ Կ՛ԸՍԷ ՊԱՂՏԻԿ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ

Յաջորդը

Ի ՊԷՏՍ ԶԱՐԳԱՑԵԼՈՑ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.