
«Էսոշիէյթըտ Փրես» կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը ներկայացուց այն պարգեւավճարը, որ պիտի ստանան գերմանացի ֆութպոլիստները Եուրօ-2016-ի ախոյեանութեան տիրանալու պարագային:
Այդ հիմնադրամը կը կազմէ այն, որ էր Եուրօ-2012-ին:
Եւրոպայի ախոյեան հանդիսանալու պարագային, գերմանացի ֆութպոլիստները պիտի ստանան 300 հազարական եւրօ:
Ինչ կը վերաբերի այլ պարգեւներուն, անոնք պիտի ըլլան հետեւեալ ձեւով.
Քառորդ աւարտական` 50 հազար եւրօ, կիսաւարտական` 100 հազար եւրօ, իսկ աւարտական` 150 հազար եւրօ (բնականաբար իւրաքանչիւր ֆութպոլիստի համար):
Նշենք, որ խմբակներու` Ա. հանգրուանի մրցումներուն, Գերմանիոյ խմբակին մէջ են Ուքրանիա, Լեհաստան եւ Հիւսիսային Իրլանտա:


