Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 31, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել երէկ այցելեց բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու բանակին որդեգրած ապահովական միջոցառումները` պահպանելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 700 լ. ոսկիով, 95 օքթանը` 600 լ. ոսկիով, իսկ մազութինը` 300 լ. ոսկիով:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի շեշտեց, որ քաղաքապետական ընտրութիւնները անհրաժեշտ են լիբանանեան զանազան շրջաններուն համար, «սակայն պէտք չէ շփոթել եւ կարծել, թէ անոնք երեսփոխանական ընտրութիւններ են», աւելցուց ան:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Մոհամետ Պատրէտտին Զայէտը, որուն հետ քննարկեց երկրին մէջ տիրող ներկայ կացութիւնը, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ շրջանային իրադարձութիւնները ուղղակիօրէն լիբանանեան իրավիճակին չեն առնչուած:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ ջանք չի խնայեր բնակեցման հաւանականութեան անդրադառնալու եւ լիբանանցիներուն մօտ ձգելու այն տպաւորութիւնը, որ բնակեցումը ծրագրող դաւադիրներ գոյութիւն ունին:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալաէտտին Թըրրօ յայտնեց, որ այս հանգրուանին ընտրական նոր օրէնքի մը մշակումը դժուար է:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Միշել Մուսա շեշտեց, որ խորհրդարանի օրէնսդրական նիստ մը գումարելու համար տակաւին յստակ օր չէ ճշդուած:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ուալիտ Սըքքարիէ շեշտեց, որ Փալմիրի ազատագրումը մեծ նուաճում է եւ զօրաւոր պատասխան կը նկատուի Սուրիոյ ու անոր պետութեան դէմ դաւադրութիւններ սարքողներուն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան թղթածրարը նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի համար առաջնահերթութիւն է: Ան աւելցուց, որ Հարիրիի կատարած այցելութեան նպատակը այդ թղթածրարին քննարկումն է:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Ֆատի Աուար յայտնեց, որ իրենք խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին պիտի մասնակցին, եթէ ընտրական օրէնքը դառնայ քննարկուելիք օրակարգին առաջին կէտը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ լիբանանեան պետութեան եւ լիբանանցիներուն շահերը կ՛ենթադրեն, որ օրէնսդրական աշխատանքը վերահաստատուի: Ան աւելցուց, որ օրէնսդրութիւնը առանց նախապայմանի պէտք է ըլլայ, որովհետեւ անիկա Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն շահերուն կը ծառայէ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Հապըր շեշտեց սահմանադրութիւնը յարգելու եւ նախագահական ընտրութիւնը առաջնահերթութիւն նկատելու կարեւորութիւնը:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Մարուան Համատէ յայտնեց, որ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ Լիբանանի միջազգային յարաբերութիւնները խանգարած է` ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունը չդիմաւորելով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ երեսփոխանական բոլոր պլոքները պէտք է իմանան, որ նախագահական աթոռին թափուր մնալը երկրին գերագոյն շահերուն կը վնասէ:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ քաղաքացիական անվտանգութեան հետազօտական կեդրոնին համաձայն, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կատարած վերջին յայտարարութիւններուն էութիւնը կը կազմէր Իսրայէլի դէմ սպառնալիքը:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Սէուտական Արաբիա դէպի Լիբանան դրամատնային փոխանցումները կասեցնելու որոշում չէ տուած:

 

 

Նախորդը

«Զինուորներու Ընտանիքներուն Թուրքիայէն Հեռանալու Պահանջը Հիմնուած Չէ Ահաբեկչական Ուղղակի Սպառնալիքի Մը Վրայ» Կ՛ըսէ Քըրպի

Յաջորդը

Պասիլ Ճոնզի Հետ Քննարկեց Սուրիացի Գաղթականներուն Վերաբերող Հարցեր

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.