Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումի Նիստ. Ժրայսաթի Կոչ Ուղղեց Վերջ Տալու Պետական Անվտանգութեան Մարզի Շրջափակումին

March 30, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Jreissati_

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումի ընթացիկ նիստին, որմէ ետք նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթի կոչ ուղղեց վերջ տալու պետական անվտանգութեան կառոյցի քաղաքական եւ նիւթական շրջափակումին, որպէսզի անիկա կարենայ իր առաքելութիւնը կատարել` ահաբեկչութեան, փտածութեան եւ լրտեսումի դէմ պայքարելու իմաստով:

Ժրայսաթի յայտնեց, որ պետական անվտանգութեան կառոյցի աշխատանքը պէտք է կեանքի կոչել կազմակերպական շրջաբերականով մը, որպէսզի ան գործէ այնպէս, ինչպէս կը գործէր անցեալին:

«Պետական անվտանգութեան կառոյցը հաստատութիւն մըն է, ու այդ ծիրին մէջ սխալողները հաշուետուութեան կը կանչուին եւ կը պատժուին, եւ ոչ թէ հաստատութիւնը նիւթական շրջափակումի կ՛ենթարկուի: Ո՞վ արտօնած է ելեւմուտքի նախարարին, որ այդ հաստատութիւնը զրկուի նիւթական յատկացումէ», հարց տուաւ ան` աւելցնելով, որ ելեւմուտքի նախարարը կ՛ուղղուէր դէպի նիւթական յատկացումի վաւերացում, սակայն ան մետասաներորդ պահուն կասեցուցած էր իր ընթացքը:

Ժրայսաթի յայտնեց, որ անկարելի է ընդունիլ, որ սուրիացի գաղթականներուն տունդարձը անոնց կամքին ձգուի` շեշտելով, որ այս մասին արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ բազմիցս բացատրած է:

«Հարց կու տամ Մուսթաքպալ հոսանքին, թէ ինչո՞ւ ան ինքզինք բնակեցման յանցանքով ամբաստանուած կը զգայ: Արդեօք կը հաստատէ՞ք, որ բնակեցման ծրագիր չկայ, թէ անիկա կ՛օգտագործուի իբրեւ պարզապէս վախազդու եզր մը», հարց տուաւ Ժրայսաթի:

Ան աւելցուց, որ Մուսթաքպալ հոսանքին գրաւները այնքան շատ են, որ մարդ կը շուարի եւ կը

կորսուի, թէ անոնք ի՛նչ կը մտածեն ու ի՛նչ կը ծրագրեն, «որովհետեւ անոնց մօտ չկայ թափանցիկութիւն», ըսաւ Ժրայսաթի:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Պասիլ արարողակարգային սխալ մը գործա՞ծ է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունը դիմաւորելու առումով, Ժրայսաթի հաստատեց, որ Պասիլ այդ իմաստով ոչ մէկ սխալ գործած է:

 

Նախորդը

Հոլլանտ 16 Ապրիլին Պիտի Այցելէ Լիբանան

Յաջորդը

ՏԱՀԵՇ Իր Ախորժակները Կը Սրէ Հիւսիսային Լիբանանին Տիրելու, Իսկ Ժապհաթ Նուսրա Կը Պատրաստուի Արսալէն Հեռանալու

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.