
Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք շաբաթավերջին հաստատեց, որ քաղաքապետական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին պիտի կատարուին` դրուատելով այդ իմաստով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ճիգերը:
Մաշնուք շեշտեց, որ Պէյրութի, Պեքաայի, Պաալպեք – Հերմելի եւ Լեռնալիբանանի մէջ քաղաքապետական ընտրութիւնները կատարելու որոշումները հրապարակուած են, իսկ ընտրական խորհուրդները` աշխատանքի հրաւիրուած:
Ան աւելցուց, որ հարաւային Լիբանանի, Նապաթիէի, Հիւսիսային Լիբանանի եւ Աքքարի պարագային ընտրական խորհուրդները աշխատանքի հրաւիրելու որոշումը պիտի հրապարակուի այս շաբթուան ընթացքին:
«Խոստացայ եւ խոստումիս յանձնառու մնացի, որ քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները կատարուին ճշդուած թուականին», ընդգծեց Մաշնուք:


