
Ուքրանական Քարփաթիի յառաջապահ Գեղամ Ղադիմեան առաջին անգամ ըլլալով հրաւիրուած է Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքական` նախապատրաստուելու համար Պիելոռուսիոյ դէմ տեղի ունենալիք ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումին:
Հայ ֆութպոլիստը արդէն իսկ երէկ հասաւ Երեւան:
Զուարթնոց օդակայանին մէջ հայ ֆութպոլիստը դիմաւորելու եկած էին «Առաջին հայկական ճակատ` ՖԱՖ համակիրներու խմբակին անդամները, յայտնեց ArmSport.am:
Նշենք, որ Հայաստան – Պիելոռուսիա ֆութպոլի մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 25 մարտին, պիտի սկսի ժամը 19:00-ին` Երեւանի ժամանակացոյցով:


