Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեխան Եւ Դաստիարակութիւնը

March 12, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ա. ԱՂԱՍԱՐԳԻՍԵԱՆ

ԼՕԽ-ը նախանձախնդիր է հայ ժողովուրդի յարատեւութեան երաշխիքը պահպանելու: Ան կը ստանձնէ առողջ երեխաներ խնամելու առաքինի պարտականութիւնը:

Մարդու իրաւունքներու միջազգային դաշնագրին  մէջ հռչակուած եւ համաձայնուած է, որ իւրաքանչիւր անհատ օժտուած է բոլոր իրաւունքներով եւ ազատութիւններով` առանց ուսման, սեռի, լեզուի, կրօնի, քաղաքական համոզումի, ընկերային մակարդակի որեւէ տարբերութեան: Իսկ երեխաները ունին յատուկ հոգածութիւն եւ օժանդակութիւն:

Ընտանիքը` որպէս հասարակութեան մէջ ապրող հիմնական խմբաւորում, իր բոլոր անդամներով եւ յատկապէս երեխաները կարիքը ունին աճի, բարեկեցութեան, անհրաժեշտ միջավայրի, պաշտպանութեան եւ աջակցութեան, որպէսզի լիարժէք կերպով կարենան ստանձնել իրենց պարտականութիւնը հասարակութեան մէջ:

Երեխան իր անհատականութեան լիակատար եւ բազմակողմանի զարգացման համար պէտք է հասակ առնէ ընտանեկան միջավայրի, երջանկութեան, սիրոյ մթնոլորտի մէջ: Ան լիարժէք պէտք է պատրաստուի եւ դաստիարակուի հասարակութեան մէջ անհատական կեանքով ապրելու` խաղաղութեան, հանդուրժողութեան, ազատութեան, հաւասարութեան եւ համերաշխութեան ոգիով:

Առ այդ, անհրաժեշտ է ապահովել երեխայի պաշտպանութիւնը խտրականութեան բոլոր ձեւերէ կամ պատիժներէ, ինչպէս նաեւ` անոր բարեկեցութիւնը: Անհրաժեշտ է ուղղութիւն տալ զարգացող ունակութեան համապատասխան: Իւրաքանչիւր երեխայ ունի կեանքի անկապտելի իրաւունք, հետեւաբար առաւելագոյն չափով պէտք է ապահովուի անոր գոյատեւումը եւ առողջ զարգացումը:

Երեխան ծնունդով ձեռք կը բերէ քաղաքացիական իրաւունք, պարտինք օժանդակել պահպանելու այդ իրաւունքը եւ ընտանեկան կապերը:

Յարգել ազատօրէն արտայայտելու իր կարծիքը եւ պաշտպանել ֆիզիքական կամ հոգեկան բռնութեան բոլոր ձեւերէ, վիրաւորանքներէ, չարաշահումներէ, կոպիտ վերաբերմունքէ, ներառեալ` սեռային շահագործումէ:

Երեխան պէտք է ապրի լիարժէք եւ արժանավայել կեանքով այնպիսի պայմաններու մէջ, որոնք կ՛ապահովեն իր արժանապատուութիւնը, կը նպաստեն ինքնավստահութեան, կը դիւրացնեն իր գործօն մասնակցութիւնը հասարակական կեանքին մէջ:

ԼՕԽ-ը առաջնահերթ նկատելով երեխային առողջութիւնը` կը տրամադրէ առողջապահական ծառայութիւն իր բոլոր մանրամասնութիւններով: Կը նպաստէ եւ կ՛ապահովէ անոր զարգացման անհրաժեշտ կենսապայմանները: Ընդարձակելով իր գործունէութիւնը` կը կազմակերպէ օդափոխութիւն, որպէսզի ընկերային ծանր պայմաններու ենթակայ երեխաները չզրկուին իրենց հասակակիցներու վայելած հնարաւորութիւններէն, ուր անոնք կը տոգորուին հայկական արժէքներով եւ կը կազդուրուին ֆիզիքապէս եւ հոգեպէս:

ԼՕԽ-ը յարատեւ կերպով աշխատանք կը տանի ի նպաստ երեխային դաստիարակութեան, հայ դպրոցին բարգաւաճման ու անոր յարկին տակ հասակ առնող նորահաս սերունդի առողջ կազմաւորման եւ վերելքին:

 

 

Նախորդը

Մեր Զաւակները` Նիւթապաշտութենէ Հեռու

Յաջորդը

Յիշելով Ու Ոգեկոչելով Վիպագիր Եւ Զրուցագիր Կարօ Փօլատեանը (Մահուան 30-Ամեակին Առիթով)

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.